Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մովսէս Թովմաս Հերկելեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մեր Ուժի Աղբիւր Հօրեղբօրս

August 23, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱՔՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ-ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հակառակ անոր որ կ՛ատէր օտար բառ գործածողները «օտարամոլներ» կ՛անուանէր զանոնք, սակայն զարմանալիօրէն բարեւի փոխարէն` «հէլաու» կ՛ըսէր բոլորին: Այդ բարեւելու հնչիւնին մէջ կար մուսալեռցիական շեշտ մը, որ հարազատ էր մեզի: Շատեր կը սպասէին անոր տարօրինակ բարեւին, յատկապէս երբ ան զբօսնելու ելլէր աղբրկինիս հետ:

– «Հէլաու», Արա՛քս ջան, լա՞ւ ես… ո՞ւր է Թովմասը…

Իր իմաստալից բարեւին կը յաջորդէին կէս ժպիտ մը ու աչքի նշանակալից շարժում մը: Այդպէս, բարի օր կը մաղթէր մեզի, առողջութիւն, յաջողութիւն, երկար կեանք ու ամենայն բարիք կը ցանկար` առանց մոռնալու ազգն ու հայրենիքը:

– Հէլաու, հօրեղբա՛յր,- կ՛ըսէի,- ես լաւ եմ, դուն լա՞ւ ես…

Անմիջապէս կը մօտենար, կը գրկէր, կը սեղմէր զիս կուրծքին հայրիկիս պէս եւ մատներով թեթեւ մը կը կսմթէր այտերս` ըսելով.

– Աղջի՛կս, ձագո՛ւկս…

Իր յաղթանդամ, ապառաժեայ խառնուածքն ու կեցուածքը ուժ էր ու ապաւէն` բոլորիս. խիստ նայուածքին ու խստաբարոյ նկարագիրին մէջ կար աշխարհ մը քնքշութիւն, գութ ու սէր:

Հօրեղբայրս ամէն բանէ առաջ ծառայասէր էր, օգնող, կարիքաւորներուն կը հասնէր. Աւետարանի սկզբունքին հիման վրայ կ՛ըսէր. «Եթէ աջ ձեռքովդ մէկու մը բան մը տաս, ձախ ձեռքդ թող չիմանայ»: Իր սկզբունքը ուղղամտութիւնն էր ու արդարամտութիւնը: Ճշմարտութիւնը ամէն բանէ վեր էր, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերէր ազգին, հայրենիքին, մանաւանդ` Արցախին ու Մուսա Լերան: Ազգային իրաւունքն ու շահը սակարկելի չէին իրեն համար: Չէր լռեր սխալի դէմ, տեղւոյն վրայ կ՛ուզէր սրբագրել ու սպառիչ բացատրութիւններ կու տար մեզի` շինիչ օրինակներով: Ան կ՛ապացուցէր իր տեսակէտները եւ չէր խնայեր, խտրութիւն չէր դներ որեւէ տարիքի, պաշտօնի կամ հանգամանքի:

Շատեր, նոյնիսկ իր հասակակիցներէն ոմանք, մեծով պզտիկով պատկառանքով կը նայէին հօրեղբօրս ու կ՛ակնածէին իրմէ:

Ինք առանձինը դպրոց մըն էր մեզի համար: Ան խրատի չէր հաւատար, ուղղակի պատգամներ կը փոխանցէր մեզի: Իսկ օրինակները կը բերէր ի՛ր, մեծ մարդոց ու երբեմն նաեւ ֆետայիներու կեանքէն: Մեզ կը ծանօթացնէր գեղեցիկին, բարիին ու վսեմին: Հպարտ էր, որ ազգային այլ գործերու զուգահեռ, եղած է նաեւ «Յառաջ» պատանեկան միութեան վարիչ եւ` սերունդ կրթած: Անոնց մէջ կրցած էր վառել հայրենասիրական այն կրակը, որ մուսալեռցիները դարձուց միակամ, եւ այդ միակամութիւնը յաղթանակ ապահովեց իրենց, Մուսա Լերան ապառաժներուն վրայ:

Սիրելի՛ հօրեղբայր, դուն բոլորիս ուժի աղբիւրն էիր, բոլորիս ուղեգիծը, բոլորիս պաշտպանն ու ապաւէնը… Զարմանալիօրէն, առանց իսկ րոպէ մը փախցնելու, քովդ կու գայի վաղամեռիկ հայրիկիս կարօտը առնելու քեզմէ: Այսօր դուն կրնաս հանգիստ սրտով ննջել եղբօրդ կողքին, քու պաշտած Այնճարի հողին մէջ, այն հաստատ համոզումով, որ մենք բոլորս, մեր սերունդի բոլոր Հերկելեանները, սրբութեան նման պիտի պահենք քու պատգամներդ: Եւ առաջին հերթին պիտի մնանք մուսալեռցի ու դաշնակցական` կարենալ ամբողջական հայ մնալու համար (ինչպէս դուն կ՛ըսէիր): Եւ ապա, իբրեւ վրէժ ու պատիժ մեր թշնամիին, մենք ալ մեր հերթին մեր զաւակները պիտի դաստիարակենք այնպէս, ինչպէս դուն մեզի սորվեցուցիր: Այո՛, առանց շրջանցելու մարդկային արժէքներն ու իրաւունքները` ըլլալ ամբողջական ու դաշնակցականավայել հայ:

Միայն այս ձեւով մենք կրնանք քու եւ հայրիկիս յիշատակները յաւերժացնել… ու կը յաւերժացնե՛նք:

 

Նախորդը

«Կանգառ Երեւանում». Նկարիչները` Սիրիահայերին Օգնելու Համար

Յաջորդը

Մովսէս Թ. Հերկելեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.