Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արային Սիրով

August 23, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԱՏՐՈՒՆԻ

mardirossianara-(2)Մեզմէ հեռացող իւրաքանչիւր լիբանանահայ թատերական  գործիչ, ըլլայ ան թատերագիր, դերասան, բեմադրիչ կամ բեմական աշխատող,  կորուստ մըն է ոչ միայն  հայ բեմին, այլ` ողջ սփիւռքահայ մշակոյթին: Մենք` լիբանանահայերս, երբեք չգիտակցեցանք, թէ որքան կենսունակ դարձաւ սփիւռքը մեզմով, եւ` որքան ողբերգական, երբ քայլ առ քայլ հրաժարեցանք մեր բոլոր նուաճումներէն: Տեղի տուինք մեր յառաջընթացին, դիմաց` մեր իսկ յիմարութիւններուն պատճառով… Բայց այս բոլորին մասին` մէկ այլ առիթով, որովհետեւ այսօր առաւել ցաւոտ ու տխուր պատմութիւն  մը կը մաշէ մեր սիրտը:

Արա Մարտիրոսեանին մասին խօսիլը ինծի համար մեծ տառապանք մըն է: Ճիշդ է ըսուածը : Երբ մէկը շատ սիրես, իր մասին քիչ կ’ուզես խօսիլ: Բայց ինչպէ՞ս չխօսիլ Արային մասին ու չյիշել զայն, այդ մշտաժպիտ, համեստ, քիչ խօսող ու այնքան շատ գործող, բոլոր թատերախումբերուն հասնող ու օգնող մէկ հատիկ տղան: Արան բոլորին ընկերն ու սիրելին էր:

Որպէսզի չիմացողները պատկերացնեն, թէ որո՛ւ մասին է խօսքը, այսպէս բացատրեմ:

Թատերական ոեւէ ներկայացման պատրաստութիւն կը նմանի տիղմ ու ցեխի մէջ ընթացող, հին ու ճռացող անիւներով սայլակի մը երթին: Բոլորս կը լծուինք այդ սայլակը յառաջ քշելու գործին: Երբեմն դժուար ու  անկարելի թուացող մեր գործը շատ յաճախ կը դիւրանայ թատերասէրի մը օգնութեամբ: Չսպասուած պահուն, անկարելի թուացող կացութիւն մը կը փրկուի «խենթ»-ի մը ձեռքով: Կը հասկնա՞ք… սայլակին ետեւէն ընթացող «խենթ»-ը, առանց գանգատելու, ուսով սայլակը կը հրէ այն պահուն, երբ կարծես լծկանները յոգնած են արդէն, ու սայլակը կը շարունակէ յառաջ ընթանալ: Արան այդ «խենթ»-երէն էր:

mardirossianara-(1)Դուք չէք գիտեր, թէ որքա՛ն դժուար ու տառապալից գործ է բեմին լոյսերը կանոնաւորելն ու փոխելը: Եօթը- ութ մեթր վտանգաւոր բարձրութեան վրայ կախուիլ, անընդհատ վար-վեր ընելը… Այո՛, այն, ինչ որ մասնագիտացած թատրոններու մէջ ամբողջ խումբ մը պիտի ընէր, Արան մինակը կ’ընէր,  միշտ անտրտունջ ու լայն ժպիտը դէմքին, բանալիներու հսկայ տրցակը գօտիէն կախ:

Դուք չէք պատկերացներ, թէ Յոբի ինչպիսի համբերութիւն պէտք էր, ժամերու վրայ երկարող, օրերով, երբեմն նոյնիսկ ամբողջ  շաբաթ մը տեւող, բեմական  փորձերուն լուռ ու մունջ հետեւիլը, առանց մէկ մեթրանոց  խցիկէն հեռանալու, առանց գանգատի, առանց դադարի, յոգնած ու քնատ, առանց ընթրիքի, երբեմն ալ` իր սիրած գաւաթ մը ուիսկիէն զրկուելով:

Գոնէ ես այդ դաժանութիւնը գործած եմ`  արգիլելով իրեն խմել բեմական աշխատանքի ժամանակ: Չէ՛, չմտածէք, որ գինեմոլ էր, սակայն այնքան կը սիրէր ընկերներով հաւաքուած գաւաթ մը ուիսկին ձեռքին,  ուրախ զրոյցի միջավայրը: Այդպէս էր Սարգիսեանը, այդպէս է Խըտշեանը, այդպէս էին իմ հեռաւոր ու մօտիկ թատրոնի բարեկամներէս շատերը: Ատիկա տեսակ մը հատուցում մըն է երեւի  բազում վիրաւորանքներու, որոնք աջէն ու ձախէն կը թափին «խենթ» արուեստագէտներու գլխուն: Արան ալ, անշուշտ իր գործին մէջ, իրաւ արուեստագէտ մըն էր: Հոս ալ խոստովանիմ, որ շատ էին այն պահերը, երբ իր կարծիքին պէտք ունեցած եմ ստեղծագործական թնճուկ մը  քակելու, բան մը տեղէն շարժելու համար:

Արան ի պաշտօնէ «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի լոյսերու եւ բեմական աշխատանքներու պատասխանատուն էր: Սակայն բան մը աւելին կը ներկայացնէր այդ բոլորէն: Արան երկար տարիներ մշտարթուն նուիրեալն էր բեմի ու մեր, բոլորիս բեմական աշխատանքներուն մէջ կարեւոր բանով մը միշտ ներկայ էր: Ժամանակին շատ յաճախ իմ շնորհակալութիւնս յայտնած եմ իրեն: Հիմա ալ, այս պահուս, լիբանանահայ թատրոնի բոլոր մարդոց անունով, կրկին ու վերջին անգամ իմ շնորհակալութիւնս ու երախտագիտութիւնս քեզի, սիրելի՛ երիտասարդ բարեկամ: Հաւատա՛, բոլորը  այնքան շատ կը սիրեն քեզ ու այնքան շատ կարօտցած են քու մտերմութիւնդ:

Հիմա, հոն, ուր որ ես, հանգիստ խմէ բաժակ մը ուիսկիդ ու հետեւէ մեր բեմադրութիւններուն:

Վերջինխնդրանքմընալքեզի, «Յ. ՏէրՄելքոնեան» սրահիվարչութիւն: Փոքրիկ, աննշանանկիւնմըգտիրքուբեմինուիրեալիդնկարինհամար:

Նախորդը

2014-ի Պատանիներու Ողիմպիական Խաղերը Չինաստանի Մէջ

Յաջորդը

Բանաստեղծուհի Մետաքսէն Ալ Մեկնեցաւ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.