
Երէկ առաւօտուն Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Յորդանան մեկնեցաւ լիբանանեան ճատրակի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար արաբական ճատրակի աղջկանց ախոյեանութեան:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը` Շըհատէ Ապու Նըմրի եւ հինգ ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին են երկու հայեր` Նանօր Առնելեան եւ Ալիք Թենպելեան:
Մրցաշարքը կը սկսի այսօր եւ կ՛աւարտի 29 օգոստոսին:


