Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՑԵՂԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄԸ

July 14, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը` մերժելով Թուրքիոյ ասորի քաղաքացիի մը իր ազգային մականունը կրելու դիմումը, թրքական սահմանադրութեան համապատասխան նկատած է եւ ուժի մէջ ձգած 1934-ին որդեգրուած այն օրէնքը, ըստ որուն, Թուրքիոյ քաղաքացիները օտար մականուններ կրելու իրաւունք չունին: Նշեալ օրէնքը կը վերաբերի թրքական ծագում չունեցող մականուններ ունեցող քաղաքացիներուն` հայերուն, քիւրտերուն, ասորիներուն եւ հրեաներուն:

Ասորի քաղաքացին իր դիմումին մէջ իրաւամբ նշած է, որ այս երեւոյթը ազգային խտրականութիւն է: Սակայն հարցը խտրականութեան քաղաքականութենէ մը շատ աւելի լուրջ է: Վերոնշեալ ազգային փոքրամասնութեանց անդամները «սկզբունքով» Թուրքիոյ քաղաքացիներ են, սակայն թրքական ծագում չունեցող անոնց մականունները օտար կը նկատուին: Այլ խօսքով` փոքրամասնութեանց անդամները Թուրքիոյ լիիրաւ քաղաքացիներ չեն, այլ` օտարներ եւ հիւրեր, որոնց Թուրքիոյ մէջ կեցութիւնը օրինական կը դառնայ եւ «վեհանձնաբար» կ՛արտօնուի` կեցութեան արտօնագիրի համազօր թրքական ծագում ունեցող մականուններուն շնորհիւ:

Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի 9 անդամները միաձայնութեամբ մերժեցին ասորի քաղաքացիին դիմումը, հակառակ անոր որ 1934-ի օրէնքը կը հակասէ Թուրքիոյ սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած քաղաքացիներու հաւասարութեան սկզբունքին: 1934-ի օրէնքը պարզապէս ազգային խտրականութեան արտայայտութիւն մը չէ, այլ` Երիտասարդ թուրքերուն կիրարկած թրքացման քաղաքականութեան շարունակութիւնը: Ահա թէ ինչու, թուրք դատաւորներուն քայլը պէտք չէ զարմանք պատճառէ, որովհետեւ անոնք առաջնակարգ նկատուող թրքացման քաղաքականութեան ճշգրիտ գործադրման կը հսկեն եւ ոչ թէ` ձեւական ու անարժէք սահմանադրութեան մը գործադրման:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

 

Նախորդը

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ ԹԱԼԷԱԹ ՓԱՇԱՅԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.