Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՄԱՄԼՈՅ 58-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԻՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆ

July 14, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ձեռնարկին ներկաները

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»ի խմբագրութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 13 յուլիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 58-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման համահայկական ռազմավարութիւնն ու հայեցակարգային մօտեցումները»: Զեկուցաբերն էր Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի քարտուղար դոկտ. Հայկ Դեմոյեան:

Լսարանին բացման խօսքը արտասանեց Անուշ Թրուանց, որ ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբը յառաջիկայ տարիներուն ծրագրած է այցելել մեծագոյն հայկական գաղութները` նախապատրաստական աշխատանքներ կատարելու, տեղական կառոյցներ ձեւաւորելու եւ կամ արդէն գործող կառոյցներուն հետ համագործակցութեան նոր ուղիներ ճշդելու համար:

Անուշ Թրուանց

Ներկայացնելով Դեմոյեանի կենսագրութիւնը` Թրուանց  նշեց, որ ան բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու կողքին հեղինակ է «Հայկական ռազմարուեստը» մատենաշարի Ա. հատորին, ինչպէս նաեւ «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում» գիրքին: Թրուանց շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամին, որ մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնի «Ազդակ»ի գործունէութեան եւ ձեռնարկներուն:

Ապա խօսք առաւ դոկտ. Հայկ Դեմոյեան, որ խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մասին` յայտնեց, որ անիկա բացառիկ արժէք ներկայացնող տեղ է, որ տարեկան կ՛ունենայ աւելի քան 150,000 այցելուներ (թիւին մէջ չէ ներառուած իւրաքանչիւր տարուան ապրիլ 24-ին շուրջ կէս միլիոն այցելուներու թիւը), որոնցմէ մօտաւորապէս 80,000-ը օտարներ են:

Ան ըսաւ, որ թանգարան-հիմնարկը կը կազմակերպէ յիշատակի եւ յիշողութեան արարողութիւններ, պաշտօնական ներկայացուցիչներու այցելութիւններ եւ միջազգային գիտաժողովներ: Դեմոյեան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը տեսողական ձեւով ներկայացնելու համապարփակ հայեցակարգ պէտք է մշակուի:

Դոկտ. Հայկ Դեմոյեան

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի կայքէջին իր գործունէութեան` Դեմոյեան ըսաւ, որ կայքէջը իր բնոյթով եզակի է, ունի չորս լեզուներ (հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն եւ թրքերէն):

Զեկուցումի երկրորդ մասով Հայկ Դեմոյեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբին աշխատանքները: Ան ըսաւ, որ հարիւրամեակը առիթ է ամբողջ աշխարհին ցոյց տալու մեր համախմբուած ըլլալն ու ներուժը:

Խօսելով խնդիրներուն մասին` Դեմոյեան նշեց, որ Ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդման հարց կայ, քանի որ առկայ են տարբեր մօտեցումներ: Ան հաստատեց, որ պէտք է պատրաստել համընդհանուր եւ խորքային դասընթացք, որ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի համար միացեալ ըլլայ:

Դեմոյեան աւելցուց, որ նաեւ գիտական սերնդափոխութեան խնդիր կայ, եւ այս գծով պէտք է աշխատանք տարուի` պատրաստելու համար նոր ցեղասպանագէտներ: Իսկ յառաջիկայ ռազմավարութեան մասին Դեմոյեան ըսաւ, որ պէտք է ձեւակերպել պահանջները:

Զեկուցումէն ետք Հայկ Դեմոյեան ներկաներուն հարցումներուն ընդմէջէն անդրադարձաւ նիւթական դժուարութիւններուն, սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններուն, անվտանգութեան խնդիրներուն, ազրպէյճանական գործօնին ներկայութեան եւ այլ հարցերու:

 

Նախորդը

ՄԻՔԱԹԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆ ԵՒ ԼԾՈՒԵՑԱՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ

Յաջորդը

Օդերեւոյթ (14 յուլիս 2011)

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.