Նախորդ շաբաթավերջին Նանճինկ քաղաքին մէջ (Չինաստան) սկսաւ Նանճինկ-2014-ի պատանեկան 2-րդ ախոյեանութիւնը:
Ժիւտոյի մրցումներուն Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը Յարութիւն Տերմիշեանն էր (66 քկ):
Ան իր կատարած առաջին իսկ մենամարտին պարտութիւն կրեց հարաւային քորէացի Սէունկ Եան Ռիույէն:
Թէեւ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին ընթացքին Տերմիշեան 3 յաղթանակ արձանագրեց, սակայն 4-րդ մրցումին պարտուեցաւ իր ուզպեք մրցակիցէն` Սուխրոպ Թուրսունովէն:
Վերջապէս, Տերմիշեան գրաւեց 7-րդ դիրքը, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:


