Սպանացի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ իր կատարած պաշտօնական մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 25 օգոստոսին սկսելիք «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին:
Տիտղոսակիր Նատալ 29 յուլիսին փորձերու ընթացքին վիրաւորուեցաւ:
28 տարեկան սպանացին ըսաւ, որ շատ տխուր է այս լուրին համար, սակայն ոչինչ կրնայ ընել, բացի իրականութեան հետ հաշտուելէ եւ իր ապաքինումին սպասելէ, որպէսզի յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքերու մասնակցի:
Նշենք, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Նատալ տիրացած է 14 կրան շլեմի տիտղոսներու:


