Համայնքի երիտասարդներու կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 28 փետրուարի երեկոյեան, Պուէնոս Այրեսի հայութիւնը բողոքի ցոյց մը կատարեց Արժանթինի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, Սումկայիթի հայութեան դէմ գործուած ջարդերու 23-ամեակին առիթով, դատապարտելով Ազրպէյճանի դիրքը եւ վերահաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ազատագրական պայքարը:
Հարկ է յիշել, թէ նոյնանման բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Ուաշինկթընի, Լոս Անճելըսի, Օթթաուայի, Փարիզի եւ այլ քաղաքներու մէջ Ազրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն առջեւ:
Հայաստանի մայրաքաղաք` Երեւանի մէջ ցուցարարները բողոքեցին ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ, ուր պահանջուեցաւ Խորհրդային Ազրպէյճանի կողմէ 23 տարիներ առաջ իրականացուած ոճիրի ճանաչումը, դէպք մը, որ սկիզբ առաւ Սումկայիթ քաղաքին մէջ, սակայն շուտով տարածուեցաւ երկրի ամբողջ տարածքին:
Ազերի պետութեան կողմէ քաջալերուած եւ գործադրուած այս սպանդը Սումկայիթի, Պաքուի, Գանձակի եւ այլ քաղաքներու հայութեան մէջ ձգեց հարիւրաւոր զոհեր ու հազարաւոր վիրաւորներ: Մինչ վերապրողները, որոնք կը հաշուէին հարիւր հազարներով, ստիպուած եղան ամէն ինչ ձգել եւ փախչիլ` արտերկրի մէջ ապահովութիւն փնտռելով:
Սումկայիթի ջարդերէն 23 տարիներ ետք ազերի պետութեան բռնութիւնը կենդանի երեւոյթ մըն է այդ երկրի նախագահի խօսքերուն մէջ, ամէն անգամ որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ պատերազմը վերսկսելու սպառնալիքներ կ՛արտայայտէ, կացութիւն մը, որ անկասկած ամբողջ Հարաւային Կովկասի կայունութեան վրայ կ՛ազդէ:


