Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Պորուսիա Տորթմունտի մաս կազմող Հենրիխ Մխիթարեան իր խումբին հետ անցաւ Բ. հանգրուան, երբ անոր կազմը 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Մխիթարեան, որ Շթութկարթ Քիքըրզի դէմ դաշտ ներկայացաւ ամբողջ 90 վայրկեան, նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը (30-րդ): Ան 75-րդ վայրկեանին դեղին քարտ մը ստացաւ:
Համպուրկ դուրս մնաց մրցաշարքէն, երբ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախէն:


