Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Թուրքիոյ Մէջ Խորհրդարանական Կառավարման Համակարգի Վերջալոյսը

August 14, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

0812_vahoԿիրակի, 10 օգոստոսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան արդիւնքը եկաւ ազդարարելու Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական կառավարման համակարգի վերջալոյսը: Համաժողովրդային քուէարկութեան ճամբով` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արձանագրած յաղթանակով երկիրը իրողապէս անցում կատարեց դէպի նախագահական կառավարման համակարգ` սպասելով նոր սահմանադրութեան մը որդեգրումով այդ փոփոխութեան տէ ժիւրէ ամրագրման:

Էրտողանի նպատակը գործադիր իշխանութիւնը ամբողջութեամբ իր ձեռքը կեդրոնացնելն էր, եւ այժմ ան ճիշդ այդ մէկը կատարելու առիթը ունի: Յատկանշական է, որ անոր նախագահութեան աջակցող քուէարկողներուն համեմատութիւնը աւելի բարձր էր, քան 2011-ի խորհրդարանական ընտրութեան ընթացքին իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նկատմամբ զօրակցութիւնը, ինչ որ նորընտիր նախագահին կ՛ապահովէ քաղաքական յաւելեալ կէտեր եւ կ՛ամրապնդէ միապետութեան հաստատման վտանգը` նկատի ունենալով Էրտողանի խառնուածքը:

Այժմ կը մնայ այս ձեռքբերումը սահմանադրութեան մէջ ամրագրել, եւ Էրտողանի քաղաքական ասպարէզը հասած պիտի ըլլայ իր գագաթնակէտին, որմէ ետք եթէ չյաջողի քրտական ու հայկական հարցերը լուծել, պիտի յայտնուի քաղաքական ճահճացման մէջ, ինչ որ անխուսափելիօրէն պիտի առաջնորդէ անոր քաղաքական դրամագլուխի կորուստին: Բացառուած չէ, որ այդ խորքային հարցերուն լուծում գտնելու անկարողութեան կամ դժկամութեան պարագային ան ստեղծէ արհեստական հարցեր, որոնք սակայն իր քաղաքական «հոգեվարքը» երկարաձգելու պիտի ծառայեն միայն: Գագաթին հասնիլը դժուար է, սակայն այդտեղ մնալը` շատ աւելի դժուար:

Միւս կողմէ, նախագահական ընտրութեան արդիւնքը եկաւ ցոյց տալու, որ Էրտողանին իբրեւ այլընտրանք այլ իսլամական մը` Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար Էքմելէտտին Իհսանօղլուի թեկնածութեան առաջադրման Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգայնական կուսակցութեանց հնարքը հակառակ ազդեցութիւնը տուած է եւ փոխան Էրտողանի ընտրազանգուածէն քուէներ «գողնալու» պատճառ դարձած, որ այդ կուսակցութիւնները իրենց համակիրներուն քուէները կորսնցնեն: Իհսանօղլու յաջողեցաւ միայն քուէներուն շուրջ 38.44 առ հարիւրը ապահովել, երբ զինք առաջադրած երկու կուսակցութեանց 30 մարտի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան ընթացքին ապահոված քուէներու համեմատութեանց գումարը 43.2 առ հարիւր էր:

Հետաքրքրական է նաեւ պարագան քիւրտ թեկնածու Սելահէթթին Տեմիրթաշի, որ ապահովեց շուրջ 4 միլիոն քուէ: Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերուն թիւը շուրջ 20 միլիոն է, ան պէտք էր կարենար առնուազն Իհսանօղլուի ապահոված քուէներուն մօտ թիւ մը ապահովել: Ան այդ մէկը չյաջողեցաւ կատարել, բայց եւ այնպէս ինքզինք հաստատեց իբրեւ Թուրքիոյ մէջ անիրաւուածներուն պաշտպանը եւ քրտական հարցի լուծման մէջ կարեւոր դերակատար մը:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Ֆրանսա Ռուսական Պատժամիջոցներուն Պատճառով Օգնութիւն Կը Խնդրէ Եւրոպական Միութենէն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.