Լիբանանեան մարզական լրագրողներուն յղած իր պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութիւնը յայտնեց, որ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի խումբին ֆիզիքականի մարզիչ Ֆուատ Ժըրժեսի հետ, յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով:
Ժըրժես, որ «Սթեփ Ըհետ» ակումբին հիմնադիրն է, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին փորձերուն կը հետեւի, ինչպէս նաեւ կը մարզէ այլ խումբեր եւ մարզիկներ: Նշենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց 2013-2014 տարեշրջանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ Անթիլիաս հանդիսացաւ փոխախոյեան, իսկ Լիբանանի բաժակի մրցաշարքին` տիտղոսակիր:


