Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակը Փրկեց Լիբանանը» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

August 12, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0811jean-kahwaji2-saidaonlineԼիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ինչքան ալ սուղ ըլլայ գինը, իրենք պատրաստ են ազատ արձակելու գերեվարուած լիբանանցի զինուորներն ու ներքին ապահովութեան ուժերուն անդամները:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը Լիբանանը փրկեց սիւննի-շիի մահացու սադրանքէ մը: «Եթէ բանակը պարտուէր, ապա զինեալները մուտք պիտի գործէին Աքքար ու ծով հասնելով պիտի յայտարարէին իրենց պետութիւնը, ինչ որ Լիբանանի համար փորձանք պիտի ըլլար», ըսաւ ան:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ Արսալի ճակատամարտին փաստուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը հզօր է եւ անոր տրամադրութիւնները` բարձր: «Բանակին զինուորներուն քաջութիւնն ու պայքարը պատճառ դարձան, որ Լիբանանի դիմագիծը չփոխուի, աւելի՛ն, իբրեւ պետութիւն Լիբանանի գոյութիւնը պահպանուի:

Միւս կողմէ, Աղէտներէ վնասուած քաղաքացիներուն եւ հաստատութիւններուն հատուցումներ տրամադրող գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր երէկ ուղղուեցաւ Արսալ` ստուգելու համար վերջերս արձանագրուած բախումներուն պատճառած վնասները:

Խէյրի ընկերակցեցան Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր, հիւսիսային Պեքաայի գաղտնի սպասարկութեան պետ Մըլհեմ Հատշիթի, ինչպէս նաեւ այլ պատասխանատուներ:

Ապա Խէյր այցելեց Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրիի բնակարանը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վնասներ կրած քաղաքացիներու մէկ պատուիրակութեան հետ:

Իր կատարած այցելութենէն ետք Խէյր յայտնեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի պատրաստ է 24 ժամէն Արսալ ուղարկելու հետախուզական յանձնախումբերը` ճշդելու համար Արսալի մէջ արձանագրուած վնասները:

Խէյր հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը յանձնառու է անյայտ կորսուած բոլոր զինուորներուն վերադարձին:

Իր կարգին, Ալի Հուժէյրի յայտնեց, որ Արսալի մէջ պատահածը նախատեսուած էր` աւելցնելով, որ ինք կրնայ միջամտել եւ իր միջոցներով գործել լիբանանեան բանակի զինուորներն ու ներքին ապահովութեան ուժերուն անդամները ազատ արձակելու համար:

Հուժէյրի հաստատեց, որ զինեալներուն կողմէ երաշխիքներ տրուած են գերեվարուած զինուորները ողջ առողջ պահելու իմաստով եւ պահանջեց, որ սուրիացի գաղթականներուն յատկացուած գաղթակայանները Արսալէն դուրս` սահմանամերձ շրջան փոխադրուին:

Նշենք, որ բանակի Ը. ջոկատը լեռնային Արսալի Խըրպըթ Նուհ շրջանին մէջ կատարած է զինուորական գործողութիւն մը, որուն ընթացքին կրցած է վերստին ձեռք ձգել զինեալ բախումներուն ընթացքին իրմէ գրաւուած զրահապատ մը` իր բոլոր զէնքերով: Աւելի ուշ, բանակը իր զրահապատը փոխադրեց Թալլեթ Հոսընի իր ազատագրած շրջանը:

 

 

Նախորդը

Հարիրի 15 Միլիոն Տոլարի Նպաստ Մը Կը Տրամադրէ Արսալի Եւ Կը Հաստատէ, Որ Նախքան Նախագահական Ընտրութիւնը` Երեսփոխանական Ընտրութիւններ Պիտի Չկատարուին

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մեկնեցաւ Կարճատեւ Արձակուրդի

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։