Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 12, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները` Լիբանանի եւ Թուրքիոյ շահերը ապահովելու նպատակով:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ Ժետտայէն վերադարձաւ Լիբանան: Ապու Ֆաուր Ժետտա իր երկօրեայ կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցած էր սէուտցի պատասխանատուներու հետ:

ՔԱՍԼԻՔԻ Ս. Հոգի համալսարանի ուսանողները երէկ առաւօտեան փակեցին Քասլիքի ճամբաները` բողոքելով համալսարանական ուսման ճշդուած սակի յաւելումին դէմ: Անոնք խստիւ մերժեցին յաւելումները եւ ճամբաները ժամերով փակ պահեցին: Աւելի ուշ ճամբաները բացուեցան համալսարանի նախագահութեան կողմէ ստացուած վերանայումի խոստումին իբրեւ արդիւնք:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել Լիբանանի ազգային որոշումը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութիւնը երէկ կոչ ուղղեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին` չեղեալ նկատելու պետական քննութիւններուն սրբագրութեան պոյքոթը եւ վերսկսելու ազգային այս պարտականութեան:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը բացարձակապէս կը մերժէ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը, ինչ ալ ըլլայ անոնց օրինական իրավիճակը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ քաղաքական աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախագահական ընտրութեան պայմանները կը մնան աննպաստ` աւելցնելով, որ տակաւին յստակ համախոհութիւն չկայ եւ իւրաքանչիւր կողմ կրնայ արգելակել զայն:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժեր «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մարտ 8-ի ուժերը քաղաքական նպատակներու համար մերժած են սուրիացի գաղթականներուն համար գաղթակայաններ հաստատել:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» եւ «Ժումհուրիա» օրաթերթերուն համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ հանդիպում մը նախատեսելի չէ:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նորընտիր միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` անոր փոխանցելով իր բարեմաղթութիւնները:

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ հինգշաբթի, 14 օգոստոս 2014-ի իր նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ 130 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր շեշտեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան բանակին եւ պետութեան հանգամանքը պահպանել` Արսալի իրավիճակը բարելաւելու նպատակով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը չի բանակցիր այն ահաբեկիչներուն հետ, որոնք իրեն դէմ կռուեցան եւ իր զինուորները գերեվարեցին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Հըզպալլայէն պահանջած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի յայտնել, թէ ինք հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու առիթ չունի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլին բռնարարքներուն դիմաց իրենք ինքնապաշտպանութեան կառչած կը մնան:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ վտանգները կարելի է կանխարգիլել ազգային միասնականութեամբ, հետեւաբար պէտք է կառչած մնալ անոր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը հիմնական է` երկրին իշխանութիւնը վերահաստատելու համար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութիւնը առաջադրելը խուսանաւում մը չէ` աւելցնելով, որ Հարիրի Մարտ 14-ի իր դաշնակիցներուն չի դաւաճաներ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարելիութիւնը ոչ մէկ պլոքի հետ քննարկած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա ընդգծեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն գերեվարուած զինուորներուն մասին ոչ մէկ նորութիւն կայ, իսկ ահաբեկիչներուն հետ կապը խզուած է:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի քաղաքական ոչ մէկ նախաձեռնութիւն ունի եւ պատրաստ է դիւրացնելու նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի արտասանած խօսքը ցուցանիշ է, թէ Տար Ֆաթուա դարձեալ պիտի ամրապնդէ իր դիրքերը:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք հաստատեց, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ապագայի իմաստով կարողութիւն ունի իսլամներուն հարցերը լուծելու:

 

 

Նախորդը

Քիւրտերը Միջազգային Ընտանիքէն Իսլամականներուն Դէմ Պայքարելու Համար Զէնքեր Կը Խնդրեն

Յաջորդը

Պասիլ Ընդունեց Ասիրին, Տապպուրը Եւ Քաչիան

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։