Ըստ «Տէյլի «Մէյլ»-ին, շատ հաւանական է, որ Եուրօ-2020-ի` Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը տեղի ունենայ Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ` նկատի ունենալով, որ անիկա կը նկատուի միակ թեկնածուն` այդ մրցումը հիւրընկալելու:
Նշենք, որ վեց տարի ետք տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութիւնը պիտի կատարուի եւրոպական 13 երկիրներու մէջ:
Նախապէս կը կարծուէր, որ աւարտական այդ մրցումը հիւրընկալէ Միւնիխ: Սակայն վերջինս մտադրեց լքել պայքարը եւ հիմնական շեշտը դնել Եուրօ-2024-ի վրայ:
Նշենք, որ վերջնական որոշումը պիտի տրուի 19 սեպտեմբերին:


