Մանչեսթըր Սիթիի ֆրանսացի միջնապահ Սամիր Նասրի նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին պաշտօնապէս ըսաւ, որ կը լքէ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբը, որովհետեւ լաւ յարաբերութեան մէջ չէ խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշանի հետ:
27 տարեկան փլէյմէյքըրը, որ նախորդ տարեշրջանին իր ակումբին հետ հանդիսացաւ Անգլիոյ ախոյեան, իր մարզիչին` Տեշանի կողմէ նկատի չառնուեցաւ 2014-ի Մոնտիալին:
Նշենք, որ ան 2010-ի Մոնտիալին ալ նկատի չէր առնուած Ֆրանսայի այդ օրերու մարզիչ Ռեմոն Տոմենեքի կողմէ:
«Այնքան ատեն որ Տեշան խումբին մարզիչն է, չեմ ուզեր վերադառնալ ազգային խումբ», ըսաւ 41 անգամ Ֆրանսայի շապիկը կրած Նասրի:


