Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Փոխվարչապետը Ծաղրի Առարկայ Դարձած Է` Կիներուն Չծիծաղիլ Յորդորելուն Համար

August 11, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչը վերջին պետական պաշտօնեան է, որ յիմարութիւններ խօսած է:

Այս բարձրաստիճան պաշտօնեան նախորդ շաբաթ ելոյթի մը ընթացքին թուրք կիներուն քարոզած է բարոյականութեան իր այլանդակուած տարբերակը` կոչ ուղղելով անոնց չծիծաղելու հանրութեան մէջ… Արընչը զգուշացուցած է. «Կինը պէտք է գիտնայ, թէ ի՛նչը հարամ է (արգիլուած), եւ ի՛նչը` ոչ հարամ: Ան բարձր ձայնով պէտք չէ ծիծաղի հանրութեան մէջ: Կինը ինքզինք զուսպ պէտք է պահէ, ուշադրութիւն չգրաւէ եւ պահպանէ իր կուսութիւն»:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան  համահիմնադիր Արընչը շարունակած է իր մոլեռանդ քարոզները. «Ո՞ւր են մեր աղջիկները, որոնք  թեթեւակի կը շիկնին, կը կախեն իրենց գլուխները եւ կը թեքեն հայեացքները, երբ մենք կը նայինք անոնց դէմքին` դառնալով ողջախոհութեան խորհրդանիշ»: Ան ծաղրած է կիները` բջիջային հեռախօսով կերակուր եփելու եւ այլ «դատարկ բաներ»-ու մասին շաղակրատելու համար: Նմանակելով կանացի ձայնը, ան ծւծւացած է. «Ի՞նչ պատահած է Այշայի աղջկան: Ե՞րբ է հարսանիքը»: Արընչը կիներուն խորհուրդ տուած է նման անկարեւոր հարցերու շուրջ խօսիլ «դէմ առ դէմ», եւ ոչ թէ` հեռաձայնով…

Փոխվարչապետին նուաստացուցիչ ելոյթը տարածուած է կայծակնային արագութեամբ: Ի հեճուկս անոր` տասնեակ հազարաւոր թուրք կիներ ընկերային ցանցերու վրայ (Թուիթըր, Դիմատետր եւ Ինսթակրամ) տեղադրած են իրենց քրքջացող դէմքերով ինքնանկարներ: Իրենց ծիծաղը դադրեցնելու փոխարէն` կիները ծիծաղած են… փոխվարչապետին վրայ:

Արընչի արտառոց արտայայտութիւններուն արձագանգած են բազմաթիւ միջազգային լրատուամիջոցներ, ինչպէս` «Հիւրիյէթ»-ը, «Կարտիըն»-ը, «Էյ. Պի. Սի. նիւզ»-ը, «Տէյլի Սթար»-ը, «Նէյշընըլ Փոսթ»-ը, «Ուաշինկթըն փոսթ»-ը, «Թայմ» ամսագիրը, «Նիւզուիք»-ը, «Տը Օսթրալիըն»-ը եւ  հարիւրաւոր թերթեր, ամսագիրներ,  ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի եւ կայաններ, պլոկներ ու կայքեր: Մէկ խօսքով, Թուրքիոյ փոխվարչապետը ծաղրուծանակի առարկայ  դարձած է ամբողջ աշխարհին…

Յաջորդ օրը, կիները վարկաբեկող իր ելոյթին համար ներողութիւն խնդրելու փոխարէն, Արընչը ալ աւելի վատթարացուցած է իրավիճակը` պնդելով, որ իր խօսքերուն տէրն է եւ յարձակում գործած է զինք քննադատողներուն վրայ: Ան զարմացած է, թէ ինչու բոլորը իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են իր մէկուկէս ժամ տեւած ելոյթին միայն այդ փոքր հատուածին վրայ: Այնուհետեւ ան սկսած է ծաղրել յայտնի կիներ. «Կան դերասանուհիներ, որոնք կեղծ կը ծիծաղին եւ իրենց լուսանկարները կ’ուղարկեն ինծի: Իսկական ծիծաղը կը թեթեւցնէ մարդը, սակայն անոնց ծիծաղը շինծու է: Դուք բոլորդ ալ ունեցած էք ձեր հռչակաւոր ըլլալու օրերը, սակայն այժմ, երբ այդ հանգրուանը անցած է, կը փորձէք ուշադրութիւն գրաւել ալքոհոլի եւ նման կեղծ քրքիջներու միջոցով: Թէեւ ըլլալով ամուսնացած եւ զաւակներու տէր` կիներ իրենց արձակուրդը կ’անցընեն տղոց հետ` լքելով ամուսինները եւ երբեք առիթը չեն փախցներ մերկ պարելու»:

Ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ թուրք պաշտօնեաները աչքի կը զարնեն նման յիմար յայտարարութիւններով: Նախապէս Արընչը յայտարարած էր, որ բռնաբարութեան զոհը երեւի թէ «փափաքած է ատիկա’»: Ան նաեւ ըսած է, որ ընդունելի է, երբ ծնողները հաւանութիւն կու տան, որ իրենց 15-ամեայ դուստրը ամուսնանայ 45-ամեայ տղամարդու հետ: Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչեքը, դատապարտելով արհեստական վիժումները, անամօթաբար յայտարարած է. «Ինչո՞ւ պէտք է փոքրիկը մահանայ, եթէ անոր մայրը բռնաբարած են: Անոր փոխարէն` պէտք է մայրը մեռնի»: Իսկ  անտառամշակութեան տնտեսութեան նախարարը ըսած է աշխատանք փնտռող կիներուն. «Միթէ տնային աշխատանքը բաւարար չէ՞ ձեզի համար»: Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ նախկին նախարար, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ էկեմեն Պաղըշը, որ յաճախ անhեթեթ յայտարարութիւններ կ’ընէ, ըսած է. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցած է 1915 թուականին, չի կրնար նկատուիլ ցեղասպանութիւն, որքան ինծի յայտնի է, սակայն ես այնտեղ չեմ եղած 1915-ին»:

Կիներու քրքիջին համար անհանգստանալու փոխարէն` փոխվարչապետ Արընչը եւ վարչապետ Էրտողանը պէտք է աւելի մտահոգուին իրենց կառավարութեան գահավիժումով դէպի բռնապետական կառավարում` լրագրողները բանտարկելու, քրիստոնեայ քահանաները սպաննելու, փոքրամասնութիւններու իրաւունքները ոտնահարելու, ժիհատականներուն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ աջակցելու, ինչպէս նաեւ կաշառակերութեամբ, թալանով ու դրամաշորթութեամբ զբաղած ըլլալու պատճառով: Այս է իսկական անբարոյականութիւնը, զոր Արընչը պէտք է դատապարտէ:

Պահպանողական թուրք պաշտօնատարը, կիներուն համար ամբողջատիրական բարոյականութիւն քարոզելով, կը խրախուսէ իսլամական ընտրողները` աջակցելու վարչապետ Էրտողանին, որ իր թեկնածութիւնը յառաջադրած է օգոստոս 10-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն: Արընչի քարէդարեայ ռազմավարութիւնը հակառակ արդիւնքը տուաւ, քանզի Թուրքիոյ խիստ պառակտուած հասարակութեան գրեթէ կէսը ինքզինք չի համարեր իսլամական եւ վիրաւորուած է անոր արտայայտութիւններէն: Նախագահական ընտրութիւններուն Էրտողանի հակառակորդ Էքմելէտտին Իհսանօղլուն խիստ քննադատած է Արընչի յայտարարութիւնը` ըսելով, որ` «ամենաշատ մեր երկրին անհրաժեշտ է, որ կիները ժպտան եւ լսուի անոնց ծիծաղին ձայնը …»:

Էրտողանին կառավարութիւնը արագ թափով իշխանութեան գալէ ետք դաժան քաղաքականութիւն վարած է երկրին մէջ եւ դուրսը` յառաջ բերելով Թուրքիոյ միջազգային դատապարտումը: Իբրեւ յաջորդ հաւանական նախագահ` Էրտողանը եւ անոր շրջապատը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի շարունակեն վարկաբեկել Թուրքիոյ միջազգային հեղինակութիւնը` զայն վերածելով խայտառակուած պետութեան: Նախագահական ընտրութիւններէն ետք Թուրքիոյ իսլամական կիներ միայն թաքուն պիտի ծիծաղին, իսկ աշխարհիկ կիները հանրութեան առջեւ ծիծաղելով վտանգի պիտի ենթարկեն իրենք զիրենք` ստանալու մտրակի 100 հարուած…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Զսպել Եւ Պատժել Ազրպէյճանին . Հայաստանը Խաղաղութիւն Կարող Է Պարտադրել Ուժեղ Բանակով

Յաջորդը

Միջազգային Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ 4-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Պորուսիա Տորթմունտը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։