Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. «Պիղծ» Քուէարկող, «Ընտիր» Քուէ

August 7, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԱԽՏ

0806_SlakԹուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի սփռուող յայտագիրի մը ընթացքին յայտնած է. «Թոյլ տուէ՛ք, որ Թուրքիոյ մէջ թուրքը ըսէ, որ թուրք է, քիւրտը ըսէ` քիւրտ է: Ատոր մէջ ի՞նչ վատ բան կայ»: Ատոր մէջ որեւէ վատ բան չկայ, սակայն արդեօք հայը, յոյնը եւ հրեան ալ պէտք չէ՞ նոյն իրաւունքը ունենան, ի վերջոյ անոնք ալ Թուրքիոյ քաղաքացիներն են: Դժբախտաբար անոնք քաղաքացիներ չեն, այլ Թուրքիոյ մէջ բնակողներ, որոնց «գարշելի» ներկայութիւնը կը հանդուրժուի:

Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնի թեկնածու Էրտողան այդ իրաւունքին կիրարկման համար բարենպաստ մթնոլորտի ստեղծումին նկատմամբ յոյսեր չի ներշնչեր, որովհետեւ կը նշէ. «Իմ մասիս ինչեր ըսես` չեն ըսած: Ըսած են` վրացի եմ: Աւելի տգեղ բաներ ալ ըսած են, կը ներէք արտայայտութեանս համար, ըսած են նաեւ, որ հայ եմ»: «Հայ». ինչ ահաւոր ու «տգեղ» հայհոյանք, որ ուրիշներուն առջեւ բերնէդ արտաբերելու համար պէտք է նախօրօք ներում հայցես, այլապէս կրնան մտածել, թէ հասարակին մէկն ես:

10 օգոստոսի նախագահական ընտրութեան թեկնածու ներկայացած Էրտողանին պէտք է հարց տալ. «Եթէ հայ, յոյն կամ հրեայ ըլլալը «տգեղ բան» մըն է, անոնց քուէները ստանա՞լը ինչ է»: Էրտողանի միջազգային վարկին ու ժխտողական քաղաքականութեան համար փոքրամասնութեանց քուէները ստանալը կարեւոր է: Անոր ցեղապաշտական արտայայտութիւնը աննախադէպ չէ, ուստի կարելի է հաստատ ըսել, որ ըստ Էրտողանի, այդ քուէները «ընտիր» են, իսկ քուէատուփին մէջ զանոնք նետողները` «պիղծ»:

Նախորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Վաստակաշատ Գեղանկարիչ Ռոզվարդ Սիսեռեան Արժանացաւ Համազգայինի Շքանշանին

Յաջորդը

Ամերիկեան Իշխանութիւնները Կը Փնտռեն «Նոր Սնոուտըն»-ը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.