Նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի վեթերան մարզիկները:
Անկախ մրցումին արդիւնքէն, որ վերջ գտաւ Անթիլիասի յաղթանակով, բոլոր մարզիկները յիշեցին իրենց նշանակալի անցեալը` ՀՄԸՄ-ին հետ, եւ ՀՄԸՄ-ական ոգիով լեցուած իրարմէ բաժնուեցան, դարձեալ իրարու հետ հանդիպելու խոստումով:


