Երէկ` երեքշաբթի, 5 օգոստոսին, Պարսելոնայի մաս կազմող սպանացի միջնապահ Զաւի յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը:
34 տարեկան Զաւի, որ 133 անգամ (մրցանիշ մը) ներկայացուցած է իր երկիրը, 2010-ին Սպանիոյ հետ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, իսկ 2008-ին եւ 2012-ին` Եւրոպայի ախոյեան:
«Շատ երախտապարտ եմ անցեալի այդ տարիներուն համար, որովհետեւ անմոռանալի օրեր ունեցայ եւ Սպանիոյ հետ իմ նշանակած 13 կոլերս ինծի համար լաւ յիշատակներ են», ըսաւ Զաւի, որ 2000-էն ի վեր մաս կը կազմէ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին:


