Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող 3×3 պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին լիբանանեան Պէյրութի խումբը ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Անիկա քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Ուու Քու Սոնկ խումբին դէմ (Չինաստան):
Պէյրութեան խումբը, որ մրցաշարքին կը մասնակցի Տը Քինկզ անունով, Չինաստան մեկնած էր իրեն մարզիչ ունենալով Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Եասեր Հաժը:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան լիբանանեան կազմէն բացի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ 11 այլ խումբեր:


