Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարբեր Դիտանկիւնէ. Կիներ Թերեւս Շա՞տ Զգացական Են Ազդեցիկ Ղեկավարներ Դառնալու Համար

August 4, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985womenԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ԿԸ ՏԻՐԷ ԱՅՆ ԿԱՐԾԻՔԸ, ԹԷ ԿԻՆԵՐ ԱՒԵԼԻ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԵՆ, ՔԱՆ` ՏՂԱՄԱՐԴԻԿԸ: ՈՄԱՆՔ ՆՈՅՆԻՍԿ ԿԸ ՎԻՃԻՆ, ԹԷ ԱՆՈՆՔ ԱՏԱԿ ՉԵՆ ՂԵԿԱՎԱՐԵԼՈՒ ԱՅՆՊԻՍԻ ԴԻՐՔԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ՊԱՂԱՐԻՒՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՈՎ ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱՅԱՑՈՒՄ: ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՏՂԱՄԱՐԴՈՑ ԵՒ ԿԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆ Է ԱՅՍ, ՄԱՆԱՒԱՆԴ ԵՐԲ ՀԱՐՑԸ ԿԸ ՎԵՐԱԲԵՐԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՐԴԵՕՔ ՃԻ՞ՇԴ Է ԱՅՍ ՀԱՄՈԶՈՒՄԸ:  «3ՔԱՈՒՐՔՍՏԷՅԼԻ»-Ի ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄԱՄԲ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԶԳԱՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄ ՄԸ ՆՈՅՆԻՍԿ ԿՐՆԱՅ ՆՊԱՍՏԵԼ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ, ԻՍԿ ՂԵԿԱՎԱՐ ԴԻՐՔԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԱՐԱԿԱՆ ԳԵՐԱԿՇԻՌ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԷՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՉԷ:

Այն հաստատումը, թէ կիներ աւելի զգացական են, քան` տղամարդիկը, պէտք է անմիջապէս մտածել տայ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ զգացականութիւն: Թերեւս ակնարկութիւնը կը վերաբերի զգացում մը ապրելու ուժգնութեան: Հաւանական է, որ կիներ աւելի ուժեղ կերպով կ՛ապրին զգացումները, սակայն այս մէկը հաստատելը դժուար է: Զգացումները իրենց բնոյթով ենթակայական են, ինչպէս` անոնց ուժգնութիւնը չափելու անհատական չափանիշները: Արդեօք երկու անձեր, որոնք նոյն զգացումը կ՛ապրին նոյն ուժգնութեամբ, նոյն համեմատութեամբ պիտի սահմանէի՞ն զայն: Դժուար է ըսել:

Ի՞նչ Կը Նշանակէ «Զգացական» Ըլլալ

Միւս կողմէ` զգացականութիւնը կրնանք առնչել զգացումներու արտայայտութեան հետ: Այս առումով, երբ մէկը արցունք կը թափէ տխուր ժապաւէն մը դիտելու ընթացքին, աւելի զգացական կը նկատուի, քան` իրեն ընկերակցող անձ մը, որուն աչքերէն արցունք չի հոսիր, նոյնիսկ եթէ հաւասարապէս տխուր է: Հետեւաբար կարելի է ենթադրել, թէ իրօք, կիները աւելի զգացական են, քան` տղամարդիկը: Գէթ կարելի է մտածել, թէ անոնք աւելի հաւանական է, որ արտասուեն տխուր ժապաւէն մը դիտելու ընթացքին եւ աւելի հաւանական է, որ այլ պատճառներով եւս արտասուեն հանրութեան մէջ: Այսուհանդերձ, անհրաժեշտ է նկատի ունենալ, թէ ընկերային ըմբռնումներն ու ակնկալութիւնները տարբեր են տղամարդոց եւ կիներու պարագային, երբ հարցը կը վերաբերի արտասուելու. ընդհանրապէս աւելի ընդունուած է, որ կիներ արտասուեն: Եթէ արտասուելը ընդունուած ըլլար երկու սեռերուն համար, արդեօք կիներ աւելի յաճախ պիտի արտասուէի՞ն: Թերեւս այո՛, թերեւս` ո՛չ:

985women1Հաւանաբար այլ պատճառ մըն ալ այն է, թէ լրատուամիջոցներ կիներն ու տղամարդիկը կը ներկայացնեն այնպիսի ձեւով, որ կ՛աղաւաղէ սեռերու եւ արտասուելու միջեւ կապին մեր պատկերացումները: Քաղաքական մարզին մէջ Հիլըրի Քլինթընի արցունքները յայտնաբար շատ աւելի ուշադրութեան առարկայ դարձած են լրատուամիջոցներու կողմէ, մասնաւորաբար` ժխտական դիտանկիւնէ, քան, օրինակ, հայր ու զաւակ Ճորճ Պուշի, Պարաք Օպամայի կամ Ճօ Պայտընի արցունքները: Ճեսիքա Ուէյքման «ՖԷՅՐ» թերթին մէջ մանրամասնօրէն վերլուծած է լրատուամիջոցներու կողմէ Հիլըրի Քլինթընի զգացական արտայայտութեան պատկերումները` շեշտելով անոնց սեռային խտրականութեան մօտեցումը:

Նոյնիսկ երբ զգացականութիւնը կ՛առնչենք փորձառութեան մը ուժգնութեան հետ կամ` անոր արտայայտութեան, հարկ է նկատի ունենալ տխրութենէն անկախ շարք մը զգացումներ: Օրինակ` զայրոյթ: Արդեօք ո՞ր սեռին պատկանող անձ մը աւելի հաւանական է, որ բռունցքը զարնէ պատին կամ հարուածէ այլ անձ մը, երբ զայրացած է: Վայրագ ոճիրներու մեծ մասը կը գործուի տղամարդոց կողմէ: Թէեւ նման դէպքեր պայման չէ, որ միշտ ալ զգացումներու գերակայութեան արդիւնք ըլլան, սակայն, հաւանաբար անոնց մեծ մասը նման գերակայութեան արդիւնք է: Վայրագ ոճիրները վստահաբար արդիւնք չեն բանականութեան վրայ հիմնուած, հաւասարակշռուած ուղեղով կայացած որոշումներու. յատկանիշ մը, որ կը պահանջուի լաւ ղեկավարներէն:

Ինչ կը վերաբերի այլ զգացումներու, ինչպէս` ուրախութիւն, նախանձ, տխրութիւն, զզուանք, ամօթ… Եթէ պիտի կատարենք ընդհանուր հաստատում մը, թէ` «կիներ աւելի զգացական են, քան` տղամարդիկը» կամ` «կիներ շատ զգացական են ղեկավար դառնալու համար», ապա պէտք չէ՞ նկատի առնենք նաեւ այս բոլորը: «Զգացական» բառը գործածելով` արդեօք կ՛ակնարկենք այս բոլո՞ր զգացումներուն, թէ՞ միայն կարգ մը զգացումներու: Արդեօք կիներ իրապէս պիտի փափաքէի՞ն ղեկավարել, արդեօք անոնք շա՞տ հակամէտ են զզուելու, շա՞տ վախկոտ են:

Այնքան ալ յստակ չէ, թէ զգացական փորձառութեան կամ զգացական արտայայտութեան ուժգնութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ կաշկանդել ղեկավարելու կարողութիւնը: Սակայն, ինչ որ հարց կրնայ յարուցել, զգացումներէ մղուած որոշումներու կայացումն է: Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, թէ կարեւոր որոշումներու կայացումին մէջ տեղ պէտք չէ ունենան կարեկցանքն ու այլոց զգացումներուն նկատմամբ ուշադիր կեցուածքը, այլ պէտք է որոշումները կայացուին աւելի կշռադատուած եւ պատճառաբանուած ձեւով, հաշուի առնելով տուեալ բոլոր իրողութիւնները: Ապա միայն կարելի է հարց տալ, թէ ո՞ր սեռին պատկանող անձ մը թոյլ պիտի տար, որ զգացումները աղօտէին իր դատողութիւնը եւ իրենց ներգործութիւնը ունենային իր վարմունքին վրայ: Այս առումով, դժուար է գնահատել սեռերու միջեւ տարբերութիւնը:

Զայրոյթի վայրագ եւ քանդիչ արտայայտութիւններ շատ աւելի անյարմար են ղեկավարի մը համար, քան` տխուր ժապաւէն մը դիտելու ընթացքին արտասուելը: Սակայն այս հիմնաւորումը բաւարար չէ` ղեկավարի դիրքը մէկ սեռի յատուկ առանձնաշնորհումի վերածելու համար: Հարկ է նկատի ունենալ բազմաթիւ զգացումներ, բազմաթիւ տարբեր պարունակներ, սեռերու մասին տարբեր ըմբռնումներ եւ ակնկալութիւններ, ինչպէս նաեւ` տուեալ սեռի մը պատկանող անձերու միջեւ բազմաթիւ տարբերութիւններ:

Տիրական Ղեկավարներու Յատկանիշներ

Նոյնիսկ երբ զգացականութիւնը սահմանենք իբրեւ դատողութեան վրայ զգացումներու ներգործութիւնը թոյլատրելու հակամէտութիւն, անիկա մէկն է բազմաթիւ այն ազդակներէն, զորս պէտք է նկատի ունենալ լաւ ղեկավարութեան մէջ, սակայն ոչ` ամէնէն կարեւոր գործօններուն շարքին, թէեւ կարելի է վիճիլ այս մասին: Ղեկավարութիւնը ինքնին բարդ է եւ կ՛իրագործուի այլազան ոճերով: «Ֆորպզ» թերթը կ՛ուրուագծէ տիրական ղեկավարի մը 10 հիմնական յատկանիշները, որոնց շարքին` անկեղծութիւն, բանակցելու կարողութիւն, հաղորդականութիւն, երգիծանքի զգացողութիւն, ինքնավստահութիւն, յանձնառութիւն եւ ներշնչելու կարողութիւն: «Սի. Էն. Էն.»-ի կողմէ հրապարակուած ցանկ մը կ՛ընդգրկէ 23 յատկանիշներ, ներառեալ` նպատակաուղղուածութիւն, յարգանք, խանդավառութիւն, համոզելու կարողութիւն, կարեկցանք եւ պարկեշտութիւն: Այս յատկանիշներէն ոչ մէկը կը պահանջէ զգացումներ ապրելու կամ արտայայտելու կաշկանդում: Իրօք, ոմանք նոյնիսկ կրնան օգտուիլ զգացական արտայայտութիւնները իմաստալից խորքով օժտելու կարողութենէն: Օրինակ` հաղորդականութիւնը, խանդավառութիւնը, համոզելու կարողութիւնն ու կարեկցանքը շատ աւելի կը շեշտուին` զգացական մակարդակի վրայ հասկնալով ուրիշը եւ կապ մը հաստատելով անոր հետ: Հետեւաբար, երբ այս դիտանկիւնէն կը սահմանենք զգացականութիւնը, անիկա կրնայ դառնալ ղեկավարութեան պիտանի յատկանիշ:

Այս յատկանիշներէն շատերը համեմատաբար հազուադէպ են, իսկ անոնց միատեղ գոյութիւնը շատ աւելի հազուադէպ է: Օրինակ` հաղորդակցելու կարողութիւնը: Մեզմէ շատեր կրնան հիմնական գաղափարներ եւ տեղեկութիւններ փոխանակել ամէնօրեայ վիճակներու մէջ, սակայն ճնշող պայմաններու մէջ մեծ թիւով ունկնդիրներու ազդեցիկ խօսք մը ուղղելու կարողութիւնը աւելի հազուադէպ է: Հազարաւոր անձերու ինքնավստահ, խանդավառ, համոզիչ եւ ներշնչող խօսք մը ուղղելը շատ աւելի հազուադէպ շնորհ մըն է, եւ արական սեռին պատկանիլը բաւարար չէ նման կարողութիւն դրսեւորելու համար: Ազդու ղեկավարութեան բնորոշ շարք մը յատկանիշներ կրնան ի յայտ գալ որեւէ սեռի պատկանող միայն սակաւաթիւ անձերու քով:

Զգացականութիւնը` մէկ կողմ, բազմաթիւ ապացոյցներ կը հաստատեն, թէ կիներ կրնան դառնալ լաւ ղեկավարներ: «Ֆորչըն» թերթին մէջ հրապարակուած աշխարհի 50 մեծագոյն ղեկավարներու շարքին են նաեւ կիներ, ինչպէս` Անկելա Մերքել, Անկ Սան Սու Քի, Քրիսթին Լակարտ, Մարիա Քլաու, Մերի Ռոպինսըն, Էլըն Քուլման, Սիւզըն Վոյճիթցքի, Արաթի Փրապհաքար, Ճուլիանա Ռոթիչ եւ Կէյլ Քելի: Գէթ կարգ մը կիներ կրնան դառնալ ազդեցիկ ղեկավարներ:

Վերջերս «Ճըռնըլ աֆ Ինթըրնեշընըլ Ըֆերզ» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, կին ղեկավարներու գոյութիւնը կրնայ իր առաւելութիւնները ունենալ որոշ պայմաններու մէջ: Հեղինակներուն համաձայն, ազգային տարբեր խմբաւորումներէ կազմուած երկիրներու մէջ կին ղեկավարներ շատ աւելի արդիւնաւէտ են, բաղդատած` տղամարդոց, մասնաւորաբար` տնտեսական բարգաւաճումի ծիրին մէջ: Կին ղեկավարի մը գոյութիւնը կ՛երաշխաւորէ միջին հաշուով 6 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի բարձր աճ:

«Հարվըրտ Պիզնըս Ռիվիու»-ի մէջ լոյս տեսած այլ ուսումնասիրութեան մը համաձայն, աշխատանքային խմբակներ շատ աւելի արդիւնաւէտ կը գործեն, երբ կը ներառեն կիներ: «Ընդունուած վէճը այն է, թէ այլազանութիւնը բարենպաստ ներգործութիւն կ՛ունենայ, եւ հարկ է տղամարդիկ եւ կիներ ներառել աշխատանքային խմբակի մը մէջ: Սակայն տուեալներ ցոյց կու տան, թէ բազմաթիւ կիներու ներկայութիւնը նոյնիսկ աւելի նպաստաւոր է», կը գրէ ուսումնասիրութեան հեղինակներէն` Թոմըս Մալոն: Միւս կողմէ` Անիթա Վուլէյ կը գրէ. «Որոշ ապացոյցներու համաձայն, աշխատանքային խումբ մը այնքան ալ լաւ արդիւնք չի տար, երբ միայն մէկ սեռի ներկայութիւնը կը գերիշխէ անոր մէջ, եւ թէ` աւելի լաւ է, որ անիկա ունենայ այլազան դիմագիծ եւ չղեկավարուի միայն կիներով»:

Իգական սեռը ոչ միայն յարմար է ազդու ղեկավարութեան, այլ նաեւ յայտնապէս իգական ներկայութիւնը կրնայ առաւելութիւններ ընձեռել: Հետեւաբար մտահոգիչ երեւոյթ է իգական սակաւաթիւ ներկայութիւնը արեւմտեան երկիրներու պետական համակարգին մէջ: 189 երկիրներու շարքին Միացեալ Նահանգներ կը գրաւեն 83-րդ դիրքը, այսինքն կիները կը կազմեն պետական ներկայացուցիչներու նուազ քան 20 առ հարիւրը: Բրիտանիա կը գրաւէ 64-րդ դիրքը, Քանատա` 54-րդ: Կիներու ղեկավարութեան առնչուող մտայնութիւններ եւ նախատիպարներ պատճառ կը դառնան այս անհաւասարութեան եւ առիթ չեն տար, որ պետութիւններ գործեն լաւագոյն մակարդակի վրայ:

Նկատի ունենալով մարդկային զգացումներու արտայայտութեան եւ սեռերու համար սահմանուած դերերու լայն ծիրը, ինչպէս նաեւ` ազդեցիկ ղեկավարներէ ակնկալուած բազմաթիւ յատկանիշները, աւելի քան անհեթեթ է այն հաստատումը, թէ կիներ շատ զգացական են ազդեցիկ ղեկավարներ դառնալու համար: Նոյնիսկ աւելի քան անհիմն ընդհանրացում մըն է այս, որ կրնայ անդամալուծել մեր ղեկավարութիւնը: Նման հաստատումներ պէտք է զայրոյթ պատճառեն, ոչ թէ որովհետեւ «զգացական» են եւ կը վերաբերին յատուկ սեռի մը, այլ որովհետեւ կը մտածենք մեր երկրին ապագային մասին:

 

 

Նախորդը

Տարբեր Դիտանկիւնէ. Ծխելու Դէմ Արգելքներ

Յաջորդը

Տեսա՞ր Հալէպը…

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.