Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, վաղը տեղի կ՛ունենան 6-րդ հանգրուանի մրցումները:
Նշենք, որ բոլոր մրցումները տեղի կ՛ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
Յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, կը մրցի Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի դէմ:
Իսկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին կը ճակատի Թատամոն Զուքի դէմ:
Նշենք, որ 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր վերոնշեալ դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ժամհուր մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի` 55-31 արդիւնքով:


