Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Իրանն Ու Ռուսիոյ Գրպանը

August 2, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

07-31_vahoԱշխարհաքաղաքական զարգացումները կը թուին Ռուսիան մղած ըլլալ ուժանիւթի տարանցման երկիր նկատուող եւ ուժանիւթի պաշարներով հարուստ Ազրպէյճանը սիրաշահելու: Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին տրամադրուած սպառազինութեան դէպքերուն, 29 մայիսին Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի կողմէ, Փութինի լռելեայն արտօնութեամբ, Ալիեւի նամակի ընթերցման դէպքին եւ նշեալ միութեան Հայաստանի անդամակցութեան ձգձգումին վրայ եկաւ աւելնալու Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքիի Ազրպէյճանի հասցէին կատարուած լորձնաշուրթն գովասանքը: Ան հազիւ քանի մը ամիս առաջ բուռն կերպով կը քննադատէր Ազրպէյճանը եւ իրաւամբ կը յայտարարէր, որ ազրպէյճանցի ազգ գոյութիւն չունի, իսկ այժմ կը հերքէ, թէ այդպիսի յայտարարութիւն մը կատարած է: Կեցուածք մը, որ Քրեմլինի մէջ տիրող ներկայ մթնոլորտին մասին յաւելեալ վկայութիւն մը կու տայ: Ուստի զարմանալի չէ, որ ռուս յայտնի զինուորական փորձագէտ Փաւել Ֆելկենկաուեր «Հայկական ժամանակ» օրաթերթին կը յայտնէ. «Ազրպէյճանը Ռուսիոյ համար ռազմավարական առումով աւելի կարեւոր երկիր է, քան Հայաստանը»:

Յստակ է, որ Ռուսիոյ քաղաքական վերնախաւին մօտ Ազրպէյճանի նկատմամբ տրամադրութիւնները փոխուած են, եւ Հայաստան-Ազրպէյճան երկընտրանքին մէջ կշիռը թեքած է ի նպաստ վերջինիս: Իրողութիւն մը, որուն կը գիտակցի Պաքուն. իրողութիւն մը, որ վերջին շրջանին արձանագրուող ազրպէյճանական ոտնձգութեանց ճամբով իր արձագանգը կը գտնէ հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ:

Նախքան այդ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան արժանթինեան «Լա Նասիոն» պարբերականին հետ հարցազրոյցի մը ճամբով  տողատակի ու մեղմ պատգամ մը յղած էր ռուսական իշխանութիւններուն` նշելով. «Մեր ժողովուրդը շատ մտահոգ է, որ մեր ռազմավարական գործընկերը զէնք կը վաճառէ Ազրպէյճանին: (…) Հակառակ ատոր(…) ես չեմ կասկածիր, որ մեզի համար դժուար իրավիճակի պարագային Ռուսիան պիտի կատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները»: Ժիրինովսքիի յայտարարութիւնը կու գայ ցոյց տալու, որ նախագահ Սարգսեանի պատգամը անտեսուած է. ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ 3 սեպտեմբեր 2013-ին փոխան Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին Եւրասիական Միութեան միանալու նախագահ Սարգսեանի մոսկովեան յայտարարութենէն ետք քրեմլինեան շրջանակներուն մօտ առաւել եւս ամրագրուած է այն անյարգալից ու ամբարտաւան համոզումը, թէ Հայաստանը իրենց «գրպանին մէջ է»: Այժմ անհրաժեշտ է ցոյց տալ, որ այդ գրպանը ծակ է: Կարելի չէ իրադարձութեանց զարգացման այս մտահոգիչ ուղղութեան դիմաց ձեռնածալ մնալ: Ռուսիան պիտի չփրկէ Հայաստանը այն դժուար կացութենէն, որուն հեղինակը ինքը` Ռուսիան է:

Հայաստանի համար ներկայ կացութենէն միակ ելքը Իրանն է, որուն իշխանութիւնները միշտ ալ Հայաստանի հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ եւ միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած են: Այժմ կը հաղորդուի, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի մտադիր է Հայաստան այցելելու: Ահաւասիկ ոսկի առիթ մը Հայաստան-Ազրպէյճան հաւասարակշռութեան մէջ ռուսական կողմին յառաջացուցած խախտումը Իրանի հետ երկկողմանի յարաբերութեան ամրապնդումով սրբագրելու: Այո՛, Իրանը Ռուսիոյ կշիռը չունի, բայց եւ այնպէս նկատառելի ուժ մըն է, իսկ մենք անոր այլընտրանքը չունինք:

Նախորդը

Ուրբաթօրեայ Պատարագներու Եւ Երիտասարդութիւնը Յուզող Հարցերու Շուրջ Հոգեւոր Զրոյցներու Սկիզբ

Յաջորդը

Համա-ՀՄԸՄ-Ական 10-րդ Բանակումը Կը Շարունակուի Մեծ Խանդավառութեամբ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.