Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգլիական Տարօրինակ Փառատօներ

August 2, 2014
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

02-08_festival-1Այսօր մենք պիտի ուղղուինք Անգլիա, ուր ամրան ընթացքին շատ իւրայատուկ փառատօներ տեղի կ՛ունենան ամբողջ երկրին տարածքին:

  • Պանիր գլորելու փառատօնը

Անգլիացիները կատակի իւրայատուկ ոգի մը ունին: Անոնք շատ կը սիրեն տարօրինակ փառատօները եւ անիմաստ մարզաձեւեր: Ասոնց կարգին է… կլոր պանիրի մը ետեւէն վազել: Այս աւանդութիւնը սկսած է Անգլիոյ մէջ 200 տարի առաջ: Պանիրի կլոր կտոր մը կը գլորուի բլուրի մը գագաթէն, մասնակցողները կը փորձեն զայն բռնել: Պանիրը կը գլորի ժամական 110 քմ արագութեամբ, եւ մրցումը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ:

  • Մսաջուրով թացանի մէջ գօտեմարտ

02-08_festival-2Այս մրցումը շատ լուրջ անձերու համար չէ: Անիկա ամէն տարի կը կազմակերպուի Լանքըշայր քաղաքին մէջ: Մասնակցողները տարօրինակ հագուստներ կը հագուին եւ իրարու հետ կը կռուին երկու վայրկեան մսաջուրով պատրաստուած թացանով լեցուն աւազանի մը մէջ: Այս մրցումին համար կը պատրաստուի 2000 լիթր թացան: Շատ հաճելի փառատօն մըն է… սակայն վստահաբար այս մրցումին ներկայ գտնուելէ ետք այլեւս թացան ուտել պիտի չուզէք:

  • Օճառի տուփի մրցումը

02-08_festival-3Օճառի տուփի աւելի քան 40 մրցումներ տեղի կ՛ունենան աշխարհի շուրջ: Անգլիոյ մէջ Լոնտոն մայրաքաղաքին մէջ է, որ մրցումը տեղի կ՛ունենայ: Օրէնքները պարզ են. բոլոր «ինքնաշարժները» պէտք է ձեռքով շինուած ըլլան եւ բանին մարդուժով: Բարեբախտաբար ճամբան զառիվայր է:

  • Ճահիճներու մէջ լողալու մրցում

Կրնա՞ս երեւակայել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ցեխին մէջ լողալ… Ասիկա ճահիճներու մրցումն է: Առաջին ճահիճներու մրցումը տեղի ունեցած է 1985-ին, իսկ այժմ աւելի քան 200 անձեր կը մասնակցին ամէն տարի: Անոնք պէտք է լողան`  երթ ու դարձ կատարելով 55 մեթրնոց ճահիճի մը մէջ, ամէնէն կարճ ժամանակին մէջ: Կարեւոր է լողալու զոյգ մը ափաձեւ լաւ կօշիկներ ունենալ:

  • Ոտքի մատներու ուժի մրցում

Ոտքի մատներու ուժի մրցումը թեւերու ուժի մրցումին նման է: Խաղցողները կը նստին գետին եւ իրենց ոտքի մատները իրարու կ՛անցընեն: Իւրաքանչիւր խաղցող կը փորձէ մրցակիցին ոտքերուն մատները անշարժ պահել երեք երկվայրկեան: Ոտքի մատներու ախոյեանութիւնը սկսած է 1970-ական թուականներուն, Տերպիշայրի մէջ: Աւելի քան քառասուն տարիներ ետք նոր սերունդներ հպարտօրէն կը շարունակեն այս իւրայատուկ աւանդութիւնը:

 

Բարի Եկած Էք Անգլիոյ Թագուհիին Քով

 

Manga_london-4Երբ մենք Անգլիա երթանք, պէտք է անպայման անցնինք մայրաքաղաք Լոնտոնէն: Լոնտոն Անգլիոյ թագաւորներուն եւ թագուհիներուն բնակավայրն է մօտաւորապէս 1000 տարիներէ ի վեր: Ներկայի Էլիզապէթ Բ. թագուհին կ՛ապրի Պաքինկհամ պալատը, որ կը հսկուի արքայական պահակագունդին կողմէ: Հոն բազմաթիւ ընդունելութիւններ տեղի կ՛ունենան: Ամէն տարի 50,000 անձեր կը հրաւիրուին այս պալատը:

Փիքատելլի Սըրքըս: Լոնտոնի կեդրոնը գտնուող այս խաչմերուկը գիշեր ցերեկ մարդոցմով լեցուն է: Հոն կը գտնուին բազմաթիւ սրճարաններ, թատերասրահներ եւ շարժապատկերի սրահներ:

Հայտ Փարք: Ասիկա Լոնտոնի կեդրոնի ամէնէն մեծ հանրապարտէզն է: Անոր մէջ կը գտնուի լիճ մը` Սերփընթայնը: Հանրապարտէզին մէջ գոյութիւն ունի Սփիքըրզ քոռնըր` ճարտասաններու անկիւնը, ուր ամէն մարդ կրնայ ժողովուրդին առջեւ խօսիլ:

Ուէսթմինսթըր: Թէյմզ գետին մօտ այս պալատին մէջ կը գտնուի անգլիական խորհրդարանը: Պալատին ամէնէն հին բաժինը մնացած է 1097 թուականէն: Սակայն կառոյցին մեծ մասը շինուած է 19-րդ դարուն:

Պիկ Պեն: Պիկ Պեն ժամացոյցի աշտարակին տրուած անունն է, սակայն նաեւ` անոր մէջ գտնուող մեծ զանգին անունը (13,5 թոն): Ժամացոյցին աշտարակը մաս կը կազմէ Ուէսթմինսթըրի պալատին:
Պիկ Պեն: Պիկ Պեն ժամացոյցի աշտարակին տրուած անունն է, սակայն նաեւ` անոր մէջ գտնուող մեծ զանգին անունը (13,5 թոն): Ժամացոյցին աշտարակը մաս կը կազմէ Ուէսթմինսթըրի պալատին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Լոնտոնի աշտարակը: Անգլիոյ թագաւորներուն գոհարեղէնները կը գտնուին այս ամրոցին մէջ: Անոր ամէնէն հին բաժինները շինուած են 11-րդ դարուն: Պատմութեան ընթացքին այս ամրոցը ծառայած է նաեւ իբրեւ պալատ եւ իբրեւ բանտ:
Լոնտոնի աշտարակը: Անգլիոյ թագաւորներուն գոհարեղէնները կը գտնուին այս ամրոցին մէջ: Անոր ամէնէն հին բաժինները շինուած են 11-րդ դարուն: Պատմութեան ընթացքին այս ամրոցը ծառայած է նաեւ իբրեւ պալատ եւ իբրեւ բանտ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սենթ Փոլ Քաթետրալը: Այս հսկայական տաճարը շինուած է մեծ հրդեհէ մը ետք, 1666 թուականին, որուն ընթացքին գրեթէ ամբողջ քաղաքը աւերուած է: Անիկա աշխարհի ամէնէն մեծ տաճարներէն մէկն է: Անոր գմբէթը 110 մեթրի կը հասնի:
Սենթ Փոլ Քաթետրալը: Այս հսկայական տաճարը շինուած է մեծ հրդեհէ մը ետք, 1666 թուականին, որուն ընթացքին գրեթէ ամբողջ քաղաքը աւերուած է: Անիկա աշխարհի ամէնէն մեծ տաճարներէն մէկն է: Անոր գմբէթը 110 մեթրի կը հասնի:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Թաուըր Պրիճ: Այս մեծ եւ բացուող կամուրջը կը գտնուի Լոնտոնի աշտարակին մօտ: Անիկա շինուած է մօտաւորապէս 120 տարիներ առաջ եւ կը բացուի, որպէսզի մեծ նաւերը կարենան անցնիլ:
Թաուըր Պրիճ: Այս մեծ եւ բացուող կամուրջը կը գտնուի Լոնտոնի աշտարակին մօտ: Անիկա շինուած է մօտաւորապէս 120 տարիներ առաջ եւ կը բացուի, որպէսզի մեծ նաւերը կարենան անցնիլ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Աշխարհի առաջին ելեկտրական ինքնաշարժը շինուած է 1891 թուականին:
  • Կ՛ըսեն, թէ հռոմէացի կայսր Կայոս Յուլիուս Վերուս Մաքսիմինուս 2,4 մեթր հասակ ունէր:
  • ՔԱ 776-724 թուականներուն առաջին 13 ողիմպիական խաղերը ունէին միայն մէկ մրցում` կարճ վազք:
  • ՔԱ 2000 թուականներուն Հարաւային Ամերիկայի բնակիչներ հագուստներ կը շինէին ծառի կոճղի կեղեւներով:
  • 4000 տարիներ առաջ մարդիկ բազէներ կը մարզէին որսորդութեան համար:
  • 1904 թուականին փայտէ ոտք ունեցող մարզիկ մը երեք ոսկի մետալ շահեցաւ մարմնակրթանքի (ճիմնասթիք) մարզաձեւին մէջ:
  • 1958 թուականին հիւլէական ռումբը յղացող գիտնականներէն մէկը հնարեց նաեւ առաջին վիտէօ խաղը:
  • 19-րդ դարու վերջաւորութեան Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհին ունէր առնէտ բռնող պալատական պաշտօնեայ մը:
  • 14-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը կայսերական Չինաստանի մէջ միայն կայսերական ընտանիքը իրաւունք ունէր դեղին գոյն հագուիլ:
  • 1661-1715 Ֆրանսայի թագաւորին հետ Վերսայի պալատին մէջ կ՛ապրէին 22,000 անձեր եւ 6000 ձիեր:
  • Աշխարհի ամէնէն կարճ պատերազմը, Անգլիոյ եւ Զանզիպարի միջեւ, տեւեց նուազ քան 45 վայրկեան:
  • Ժամանակին մօտաւորապէս 15,000 լեզուներ կը խօսուէին աշխարհի վրայ: Այժմ գոյութիւն ունին միայն 7000 լեզուներ:
  • Հին Յունաստանի մէջ (ՔԱ 700-ՔԵ 600) կարասիներուն մեծ մասը երեք ոտքեր ունէին:
  • Հոլանտացիները պաշտօնապէս պատերազմի վիճակի մէջ էին Անգլիոյ պատկանող Սիլի կղզիներուն դէմ, 335 տարիներու ընթացքին, 1651-1986:
  • 250,000 տարիներ առաջ Սահարայի մէջ գոյութիւն ունէր 109,000 քառակուսի քմ տարածքով նախապատմական լիճ մը:

 

 Ժամանց

Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն շատ ծախուած երաժշտական գործիքը: ա - թմբկահարութեան գործիքները, բ-հարմոնիքան, գ- ելեկտրական կիթառը:
Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն շատ ծախուած երաժշտական գործիքը:
ա – թմբկահարութեան գործիքները, բ-հարմոնիքան, գ- ելեկտրական կիթառը:
Ո՞ր կղզին ճանչցուած է իբրեւ Ճեմ Այլընտ` Յարգի Քարերու կղզին, որովհետեւ հոն կը գտնուին աշխարհի ամէնէն յարգի քարերէն բազմաթիւ տեսակներ: ա- Սրի Լանքա, բ- Մատակասքար, գ- Կիպրոս:
Ո՞ր կղզին ճանչցուած է իբրեւ Ճեմ Այլընտ` Յարգի Քարերու կղզին, որովհետեւ հոն կը գտնուին աշխարհի ամէնէն յարգի քարերէն բազմաթիւ տեսակներ:
ա- Սրի Լանքա, բ- Մատակասքար, գ- Կիպրոս:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ե՞րբ մէջտեղ եկած են առաձգական փուչիկները:
Ե՞րբ մէջտեղ եկած են առաձգական փուչիկները:
Առանց հաշուելու թագուհի մրջիւնները` մօտաւորապէս որքա՞ն կ՛ապրին մրջիւնները:  ա- 10 շաբաթ, բ- 10 օր, գ- 10 ամիս:
Առանց հաշուելու թագուհի մրջիւնները` մօտաւորապէս որքա՞ն կ՛ապրին մրջիւնները:
ա- 10 շաբաթ, բ- 10 օր, գ- 10 ամիս:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (2 Օգոստոս 1964)

Յաջորդը

Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (312). Խօսք Արցունքի Մասին

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.