ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպած «Ամբողջական Հայաստան» պատանիներու բանակումը, կրտսեր պատանեկան շարքերով սկսած կիրակի, 20 յուլիսին, շարունակուեցաւ այս անգամ երէց պատանիներուն հետ` «Այրուն» շրջանին մէջ:
Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ` չորեքշաբթի, 23 յուլիսին, ներկայութեամբ 114 պատանիներու: Ընդհանուր վարիչ մարմինի ներկայացուցիչ Լուսիկ Տէր Գալուստեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց բանակումի ընդհանուր նիւթին անհրաժեշտութիւնը` ներկայացնելով չորս խումբերը` «Արեւմտահայաստան», «Ջաւախք», «Արցախ» եւ «Նախիջեւան», իբրեւ պատանիներու ներշնչման աղբիւրներ: Յիշեցնելով, թէ ինչպէ՛ս կրտսեր պատանիները իրենց փոքրիկ թաթերը դրոշմած էին ամբողջական Հայաստանի քարտէզին վրայ, ան կոչ ուղղեց երէց պատանիներուն իրենց դաշնակցականի ամուր ոտքերը հաստատելու այդ հողերուն վրայ:
Հինգ օրուան տեւողութեան ընթացքին պատանիները դաստիարակչական տարբեր միջոցառումներու ընդմէջէն ընդարձակեցին իրենց գիտելիքներու հորիզոնները` ամբողջական հայրենիքի հասկացողութիւնը դարձնելով իրենց առօրեայ կանչերուն, խմբային աշխատանքներուն եւ խարուկահանդէսներուն կիզակէտը: Անոնք լսեցին դասախօսութիւններ, մասնակցեցան ռատիոժամի խաղերու, ռելի փէյփըրի, սորվեցան նոր երգեր ու կանչեր, պատրաստեցին ձեռային աշխատանքներ` համալրուած Ֆիզիքական չարքաշութեամբ, մարզանքներով եւ դաշնակցականի կարգապահութեամբ: «Մե՛նք ենք ամբողջական Հայաստանը» խօսքը անոնց թիշըրթներուն վրայ դարձած էր առօրեայ կարգախօս` միացնելով չորս խումբերը մէկ ամբողջական գաղափարի շուրջ: Այս գաղափարին ապրումներով եւ յարգելով Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակը, շաբաթ, 27 յուլիսին, պատանիները միասնաբար նշեցին Լիզպոնի գործողութեան 31-ամեակը:
Կիրակի, 28 յուլիսին, մրցակցութեան ոգին հասաւ իր գագաթնակէտին, մարզական խաղերու օրակարգով, ուր չորս խումբերը առիթը ունեցան ապահովելու առաւելագոյն կէտեր, որոնք իրենց կարգին աւելցան իւրաքանչիւր խումբի հաւաքած կէտերուն ընդհանուր գումարին վրայ:
«Ամբողջական Հայաստան» բանակումը պաշտօնապէս իր աւարտին հասաւ երկուշաբթի, 28 յուլիսին` դրօշակի արարողութեամբ, հաճելի յիշատակներով իրարմէ բաժնելով պատանիները, ընկերները, դարձեալ հանդիպելու խոստումներով: Աշուղ Ջիւանիի բառերը լաւագոյնս կ՛արտայայտեն այն ժամերը, որոնց կը սպասեն բոլոր պատանիները… «Ինչ մարդ ունենայ իւր մօտը հաւատարիմ ընկեր, ցերեկի նման անցնում է մութ գիշերը մարդուն»:


