Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտութիւն Եւ Մարդ. Նոր Լեզու` Չծերանալու Համար

July 28, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985lanԵՐԿՐՈՐԴ ԼԵԶՈՒ ՄԸ ՍՈՐՎԻԼԸ ԿԸ ԴԱՆԴԱՂԵՑՆԷ ՈՒՂԵՂԻՆ ԾԵՐԱՆԱԼՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ ԵՒ ԿՐՆԱՅ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼ ՏԱՐԵՑ ԱՆՁԻ ՄԸ ԿԱՐԴԱԼՈՒ ԵՒ ԸՄԲՌՆԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ:

Երկրորդ լեզու մը սորվիլը կրնայ դրական ներգործութիւն ունենալ ուղեղին վրայ, նոյնիսկ երբ զայն կը սկսինք սորվիլ մեր չափահաս տարիքին, կ՛ըսէ Էտինպարայի մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը արդիւնքը:

Ուսումնասիրողներ քննութիւններ կատարած են 59 տարի առաջ 11 տարեկան եւ այժմ 70-ական տարիքի 262 անձերու վրայ եւ ի յայտ բերած են, թէ անոնց կարդալու, խօսելու եւ ըմբռնելու կարողութիւնները բարելաւուած են նոր լեզու մը սորվելու ընթացքին:

Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ երկու լեզուներու տիրապետելը կրնայ տարիներով ուշացնել յիշողութեան կորուստը:

«Էնըլզ աֆ Նիւրոլոճի» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութեան համաձայն, ցարդ մեծագոյն հարցը այն էր, թէ արդեօք նոր լեզու մը սորվիլը կը բարելաւէ՞ իմացական կարողութիւնները, թէ՞ համեմատաբար աւելի լաւ իմացական կարողութիւն ունեցող անձեր աւելի հաւանական է, որ տիրապետեն երկու լեզուներու:

Էտինպարայի համալսարանին Իմացական ծերացող կարողութեան եւ իմացական ախտաբանութեան կեդրոնի գիտաշխատող Թոմըս Պաք կը հաւատայ, թէ յայտնաբերած է պատասխանը:

Էտինպարայի մէջ ծնած 11 տարեկան 262 մանուկներու իմացական կարողութիւնը չափող քննութիւններու արդիւնքը օգտագործելով` ուսումնասիրողներ քննած են, թէ անոնց իմացական կարողութիւնները ինչպէ՛ս փոխուած են անոնց 70-ական տարիքին:

Ուսումնասիրութեան երկրորդ հանգրուանը տեղի ունեցած է 2008-2010-ի միջեւ: Բոլոր մասնակցողները ըսած են, թէ կրնան անգլերէնին կողքին հաղորդակցիլ գէթ մէկ այլ լեզուով մը:

Ուսումնասիրութեան ենթարկուած 262 անձերէն 195-ը երկրորդ լեզու մը սորված է 18 տարեկանէն առաջ, իսկ 65 անձեր ըսած են, թէ երկրորդ լեզու մը սորված են 18 տարեկանէն ետք:

Յայտնաբերումները ցոյց կու տան, թէ անոնք,  որոնք երկու կամ բազմաթիւ լեզուներ կը խօսին, զարգացուցած են ուշագրաւ կերպով աւելի լաւ իմացական կարողութիւններ` բաղդատած քննութեան համար օգտագործուած նուազագոյն չափանիշներուն:

Ամէնէն յատկանշական ներգործութիւնը նկատուած է ընդհանուր խելացութեան եւ կարդալու կարողութեան վրայ:

Անիկա ներկայ է այն անձերուն քով, որոնք իրենց կեանքին կանուխ կամ ուշ շրջանին սորված են երկրորդ լեզու մը:

Պաքի համաձայն, երեւոյթը «իմաստալից» է, իսկ ուշադրութեան, կեդրոնացումի, եւ սահուն խօսելու կարողութիւնները կարելի չէր բացատրել սոսկ անձի մը խելացութեան չափանիշներով:

«Այս յայտնաբերումները գործնական նկատառելի կարեւորութիւն կը ներկայացնեն: Աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր անձեր իրենց չափահաս տարիքին կը սորվին երկրորդ լեզու մը: Մեր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ երկրորդ լեզու մը խօսիլը, նոյնիսկ, երբ չափահաս տարիքին իւրացուած է, կրնայ դրական ներգործութիւն ունենալ ծերացող ուղեղին վրայ», կ՛ըսէ ան:

Սակայն Պաք կ՛ընդունի, թէ ուսումնասիրութիւնը նաեւ ծնունդ տուած է բազմաթիւ հարցականներու: Օրինակ` արդեօք մէկէ աւելի լեզուներ սորվիլը կրնա՞յ դրական ներգործութիւն ունենալ եւ կանխարգիլել իմացական կարողութեան բթացումը տարիքի պատճառով, իսկ երկրորդ լեզու մը յաճախ խօսելու ներգործութիւնը աւելի՞ ազդու է, քան` միայն զայն խօսիլ գիտնալը:

Պոսթընի մէջ Հարվըրտ համալսարանի բժշկագիտութեան դպրոցի դասախօս Ալվարօ Փասքուալ- Լէոնէ կ՛ըսէ. «Ախտաբանական ուսումնասիրութիւնը կ՛ընձեռէ յատկանշական առաջին քայլ մը` երկրորդ լեզու մը սորվելու ներգործութիւնը եւ ուղեղին ծերանալու ընթացքը հասկնալու մէջ»:

«Այս ուսումնասիրութիւնը ճամբան կը հարթէ երկու լեզու սորվելու եւ իմացական կարողութեան տկարացումը կանխարգիլելու ապագայ ուսումնասիրութիւններու դիմաց»:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (28 Յուլիս 1964)

Յաջորդը

Գիտութիւն Եւ Մարդ. Ամէն Ինչ Ուղեղին Մէջ Է

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.