Armsport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող Վիենըր Նեուսթատ պայմանագիր մը կնքեց 19 տարեկան հայ ֆութպոլիստ Սարգիս Սարիբեկեանի հետ:
Նախապէս Սարիբեկեան հանդէս եկած է աւստրիական շարք մը պատանեկան խումբերու հետ:
Ըստ աւստրիական մամուլին, Սարիբեկեան սկզբնական շրջանին ելոյթ պիտի ունենայ խումբին Բ. կազմին հետ, իսկ ձմրան պիտի տեղափոխուի գլխաւոր խումբ:


