Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Վարկի Մասնակի Վերականգնման Փորձ Մը

July 21, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

20-07vahoՄինչ արաբական եւ ընդհանրապէս իսլամական աշխարհին մէջ որոշ անտարբերութիւն մը կը տիրէ, Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին ու պատճառած մարդկային ողբերգութեան դէմ ամէնէն բուռն ցոյցերն ու հակազդեցութիւնը տեղի ունեցան Իսրայէլի երբեմնի ռազմավարական դաշնակից Թուրքիոյ մէջ: Յարձակումը դատապարտեցին երկրին նախագահը, վարչապետը, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ եւ խորհրդարանական չորս կուսակցութիւնները, որոնք հակառակ երկրին մէջ տիրող ընտրական մթնոլորտին, այս հարցով հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, ինչ որ թէեւ ձեւական, սակայն պայմաններու բերումով նշանակալից քայլ մը կարելի է նկատել:

Ամէնէն բուռն հակազդեցութիւնը ունեցաւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ Իսրայէլը «աշխարհի խաղաղութեան սպառնալիք մը» նկատեց, ինչ որ սպասելի հակազդեցութիւն մըն էր` նկատի ունենալով անոր խառնուածքն ու պատեհապաշտութիւնը: Սակայն ան այդքանով չբաւարարուեցաւ եւ սայթաքելով Իսրայէլը ամբաստանեց պաղեստինցիներուն դէմ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով. Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին հնչած կեցուածք մը, որ արդէն իսկ հնչող իսրայէլեան հակադարձութեանց կողքին յառաջիկային հաւանաբար գործնական արձագանգ գտնէ Թել Աւիւի մէջ եւ այլուր:

Յայտարարութիւնը հեգնական էր, որովհետեւ ցեղասպանութիւն գործած կայսրութեան մը իրաւայաջորդ ժխտողական պետութեան մը ժխտողական ղեկավարը աշխարհի վրայ վերջին անձն է, որ ուրիշներուն կրնայ այդպիսի ամբաստանութիւն մը ուղղել: Ան ատիկա կատարելու բարոյական իրաւունքը չունի: Անոր այդ արտայայտութիւնը լսողներուն մտքին մէջ անմիջապէս կը հնչէ արաբական հետեւեալ ասացուածքը. «Բժի՛շկ, ինքզինքդ բժշկէ՛»:

Կազայի ողբերգութեան նկատմամբ անոր հերթական կեցուածքը կրնայ միայն ծառայել թուրք¬իսրայէլեան յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը շրջելու: Անգարա գործնական գետնի վրայ այս հարցով որեւէ դերակատարութիւն չի կրնար ունենալ, որովհետեւ Կազայի անմիջական դրացիներուն` Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի հետ անոր յարաբերութիւնները կը գտնուին կաթուածահար վիճակի մէջ:

Թրքական վերոնշեալ կեցուածքներն ու հակազդեցութիւնը կրնան միայն ծառայել արաբական աշխարհին մէջ, «Մաւի Մարմարա»¬ի դէպքով պսակուած ու հետագային լրջօրէն վնասուած, անոր վարկին մասնակի վերականգնման: Կը մնայ սպասել այս փորձին արդիւնքին:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Եւ Պէյրութի Խումբերը` Յաղթական

Յաջորդը

Սիպերիոյ Մէջ Առեղծուածային Կերպով Յառաջացած Է Հսկայ Փոս Մը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.