Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարտաճանաչ Եւ Ազնիւ Ընկերը

July 19, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԳՕ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

19-07-habibian-haroutԴարձեալ բաժանումի դառն իրականութեան առջեւ ենք: Անխուսափելի բաժանումը այս անգամ եւս իր կամքը պարտադրելով` մեզմէ հեռացուց աւելի քան 50 տարուան կուսակցական մեր սիրելի ընկեր Յարութ Հապիպեանը:

Ընկեր Յարութ հանդարտ, պարկեշտ եւ բոլորին կողմէ յարգուած անձնաւորութիւն մըն էր: Ան պատանի տարիքէն անդամակցած է ՀՅԴ Պատանեկան միութեան, ուր աշխուժ գործունէութիւն ունեցած է, միշտ պարկեշտ իր խառնուածքով: Իր սերնդակիցներուն վկայութեամբ, ան իր աշխուժութիւնը վարակիչ դարձուցած է եւ իր գործունէութեան դաշտը լայնցնելով ու անդամակցելով ՀՄԸՄ-ին` վառվռուն ֆութպոլիստի պատկերը դրոշմած է մինչեւ օրս այն սերունդին ներկայացուցիչներուն մօտ, որոնք «Զաւարեան» դաշտի լաւ օրերը վայելած են:

Աւելի ուշ, 70-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, անցնելով ՀՅԴ շարքերը, փոխադրուած է Անթիլիաս, եւ իբրեւ «Աղբալեան» կոմիտէութեան անդամ` Լիբանանի պատերազմի սկիզբէն մինչեւ վերջ կատարած է իրեն վստահուած բոլոր աշխատանքները եւ ստանձնած իւրաքանչիւր պարտականութիւն կատարած է մեծ բծախնդրութեամբ`  իբրեւ տիպար դաշնակցական: Այդ օրերուն ան կազմած է իր ամուսնական բոյնը եւ բախտաւորուած` երեք զաւակներով, բայց հաւատարիմ մնալով իր երդումին` քաջաբար մասնակից դարձած է տարբեր շրջաններու պահակութեան:

Կը յիշենք ընկեր Յարութ Հապիպեանը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի զինուորական իր տարազով, ուր վաստակած էր «Պաշ» մակդիրը, որ իրեն կը պարտաւորեցնէր աւելի՛ համեստութիւն եւ շրջապատին ծառայելու առաջադրանք: Այսպէս էր Յարութ Հապիպեանը, զոր միշտ պիտի յիշենք իբրեւ պարտաճանաչ եւ ազնիւ ընկեր:

 

 

Նախորդը

Անհանդարտ Եւ Ծառայասէր Գաղափարական Ընկերը* (Վրէժ Ջապաղջուրեանի Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Խոհեր Անմեռ Յիշատակիդ, Կարօտալի՛ Հայրիկ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.