Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կը Սիրե՞ս Ֆութպոլ Խաղալ

July 19, 2014
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ֆութպոլի մեծ տօնը աւարտեցաւ, սակայն ֆութպոլի սիրահարները պիտի շարունակեն միշտ ֆութպոլի մրցումներ դիտել եւ ֆութպոլ խաղալ: Իսկ գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունին նաեւ ֆութպոլ խաղալու տարբերակներ…

1907foot-1Ֆութ Ֆրիսթայլ

Ծնունդ` 2001-ին, ծանուցումի մը մէջ: Ռոնալտինիօ այս վերջին տարիներու ամէնէն նշանաւոր մարզիկներէն մէկն է: 2001 թուականին պրազիլցի ֆութպոլի այս «արուեստագէտը» ծանուցումի մը մէջ գնդակով ցուցադրութիւն մը ըրաւ: Այս կարճ տեսահոլովակը ազդեց մարզիկներուն վրայ, եւ անոնք ստեղծեցին նոր մարզաձեւ մը, որ իրարու կը խառնէ ֆութպոլը եւ լարախաղացութիւնը: Ի՞նչ է խաղին սկզբունքը: Գնդակով խաղալ մարմնին տարբեր մասերով եւ ամէնէն տարօրինակ ձեւերով` առանց գնդակը գետին ձգելու:

Դուն կրնաս ֆութ ֆրիսթայլը խաղալ փորձել որեւէ մէկ տեղ` պարտէզին մէջ, դաշտի մը մէջ…

1907foot-2Պիչ Սաքըր

Ծնունդ` 1992-ին, Միացեալ Նահանգներ: Ասիկա ֆութպոլին «ծովափի» տարբերակն է: Բերդապահ մը ընդգրկող հինգ անձերէ կազմուած երկու խումբեր իրարու դէմ կը մրցին աւազին վրայ: Մրցումին տարածքը աւելի փոքր է, քան` ֆութպոլի իսկական դաշտը: Մարզիկները բոպիկ կը խաղան, իսկ գնդակը կակուղ է: Աւազը վազքը կը դանդաղեցնէ եւ առիթը չի տար շատ բարձր ցատկելու. սակայն նոյն ատեն անիկա աւելի կակուղ է եւ այս ձեւով կարելիութիւնը կու տայ գնդակը ստանալու կամ ղրկելու կրկէսային շարժումներու:

Դուն կրնաս «պիչ սաքըր» խաղալ անշուշտ ծովափին: Սակայն դաշտիդ սահմանները գծէ անձեռոցներուն վրայ երկնցած մարդոցմէ հեռու, այլապէս խաղը կրնայ անհաճոյ պահեր ստեղծել…

1907foot-33Ֆութպիւլ

Ծնունդ` 2012-ին, Նորվեկիա: Վստահաբար ասիկա ամէնէն հաճելի տարբերակն է: Օրէնքները սովորական ֆութպոլի խաղի մը օրէնքներուն նման են. սակայն իւրաքանչիւր խաղցող արգելափակուած է հսկայական փուչիկի մը մէջ` ուրկէ դուրս կը մնան միայն ոտքերը: Մտահոգուելու պէտք չկայ. խաղցողը կրնայ շնչել: Նման պաշտպանողական դրութեամբ մը կարելի է հակառակորդին վրայ յարձակիլ եւ զայն գետին ձգել: Նուազագոյն ցնցումին խաղցողները կ՛իյնան եւ անմիջապէս ետ կը ցատկեն: Կոլ նշանակելը դիւրին չէ, բայց խաղը շատ հաճելի է:

1907foot-4Ֆութկոլֆ

Ծնունդ` 2009-ին, Հոլանտա: Ասիկա հանդիպումն է ֆութպոլի եւ կոլֆի խաղերուն: «Ֆութկոլֆողները» կը խաղան խոտէ եւ յատուկ սահմաններ ունեցող «ճամբու» մը մէջ: Ըստ կոլֆի սկզբունքին, անոնք գնդակին կը զարնեն, մինչեւ որ զայն ծակի մը մէջ մտցնեն: «Ճամբան» որոգայթներով լեցուն է. ջուրով տարածք, ծառեր, զառիվայր եւ այլն: Խաղցողները կը սկսին զօրաւոր հարուածներով` մօտենալու համար նպատակակէտին: Ապա պէտք է զգուշութեամբ խաղալ` ծակին հասնելու համար: Ամէնէն կարեւորը ոճն է: Ինչպէս կոլֆի պարագային, վայելուչ կերպով հագուած մասնակցիլը մաս կը կազմէ խաղի ընդհանուր ոգիին:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Միջին դարերու ճափոնցի կայսր մը արգիլած էր միս ուտել:

– Ք. Ա. 75 թուականին հռոմէացի Յուլիոս կայսրը անգամ մը ծովահէններու կողմէ առեւանգուած էր:

– Միջին դարերուն, Ք. Ե. 500-1000 թուականներուն, միայն հարուստ մարդիկը ճերմակ հաց կ՛ուտէին:

– Մօտաւորապէս 3 միլիոն ընկղմած նաւեր կը հանգչին ովկիանոսներու խորերը:

– 1553 թուականին 16 տարեկան լէյտի Ճէյն Կրէյ Անգլիոյ թագուհի եղաւ միայն 9 օրուան համար:

1907anhavadali– Մեզի ծանօթ աշխարհի ամէնէն հին երաժշտական գործիքը 42,000 տարեկան անգղի ոսկորէ շինուած սրինգ մըն է:

– 1840 թուականին Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհին 454 քիլօ  պանիրի կլոր կտոր մը ստացաւ իբրեւ ամուսնութեան նուէր:

– 1800-ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ կիները կրնային բանտարկուիլ, եթէ անոնք տունէն դուրս տաբատ հագած ըլլային:

– 1500-ական թուականներուն սկիզբը Մեքսիքոյի ազթեքները փոփքոռնը իբրեւ գոհարեղէն կը գործածէին:

– Ք. Ե. առաջին դարուն հին յոյները կը հաւատային, թէ հազարին հիւթը քնանալու կ՛օգնէր:

– 1856-1861-ի միջեւ Թեքսասի սահմանին վրայ կարգ մը ամերիկացի ոստիկաններ ձիերու փոխարէն կը գործածէին ներածուած ուղտեր` շրջուն հսկողութիւն կատարելու համար:

– 1861-1862 թուականին Սիամի (ներկայի Թայլանտ) Ռամա 4-րդ թագաւորը առաջարկեց փիղեր ղրկել` իբրեւ նուէր ամերիկացի նախագահին: Նախագահ Աբրահամ Լինքոլն մերժեց:

 

Կանաչ Քաղաք Մը` Պերլին

1907berlin-1Մենք կը շարունակենք ամրան մեր «ճամբորդութիւնները» եւ այս շաբաթ, ընկերանալով 2014-ի ֆութպոլի ախոյեաններուն` պիտի այցելենք Գերմանիոյ մայրաքաղաքը` Պերլին:

Մայրաքաղաք Պերլին կը գտնուի Գերմանիոյ արեւելքը, Լեհաստանի սահմանէն 70 քմ հեռու: Պերլինի մէկ երրորդը ծածկուած է կանաչութեամբ: Մեծ հանրապարտէզներ, ինչպէս` Թիրկարթըն, կը գտնուին քաղաքին կեդրոնը, որուն մէջէն կ՛անցնի Սփրի գետը:

***

1907berlin-2Երբ Գերմանիան կը կորսնցնէ Բ. Համաշխարհային պատերազմը 1945-ին, Պերլին գրեթէ ամբողջովին քանդուած էր ռմբակոծութիւններուն պատճառով: Չմոռնալու համար այս աւերածութիւնները` 1943-ին ռմբակոծուած Յիշատակի եկեղեցին ամբողջովին չէ վերանորոգուած պատերազմէն ետք:

***

1907berlin-31961-1989 Պերլին քաղաքը պատով մը երկուքի բաժնուած էր: Քաղաքին ամէն մէկ կէսը մաս կը կազմէր իրարու թշնամի երկիրներու, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Գերմանիա: 1989-ին 2 երկիրները կը վերամիանան եւ կը կազմեն Գերմանիան: Գծագրութիւններով եւ գրութիւններով ծածկուած այդ պատէն բաժիններ պահուած են:

***

2000 թուականին վերջացած Սոնի Սենթըրը Պերլինի ամէնէն նոր թաղամասերէն մէկն է: Տասը տարիէ ի վեր քաղաքը կը փոխակերպուի: Նոր թաղամասեր, թանգարաններ, թատերասրահներ, փառատօներ եւ այլն, Պերլին կը հրաւիրեն գերմանացի եւ օտար այցելուներ:

***

1907berlin-4ԱՅՑԵԼԵՆՔ…

– Պրանտըպուրկի դուռը: Այս կամարը քաղաքին խորհրդանիշն է: Ժամանակին ան Պերլինի արեւմտեան դուռն է:

– Ռայխսթակը: 1933-ին հրկիզուած գերմանական խորհրդարանը վերանորոգուած է 1990-ական թուականներուն: Շատ արդի, ապակիէ գմբէթ մը աւելցուած է այս հին կառոյցին վրայ:

– Սիկըսոլը: Իր գագաթին ոսկիէ արձանով մը այս սիւնը կը գտնուի Թիրկարթընի հանրապարտէզին կեդրոնը:

– Ունտըր Տեն Լինտըն: Պրանտըպուրկի դուռէն սկիզբ առնող այս պողոտային երկու կողմերը կը գտնուին բազմաթիւ կոթողներ:

– Ժենտըրմենմարքըթ: Այս «ոստիկաններու շուկան» կը նկատուի քաղաքին ամէնէն գեղեցիկ վայրերէն մէկը: Ան շրջապատուած է 2 տաճարներով եւ հանդիսասրահով մը:

– Ֆերնսեթրոմը: Իր 368 մեթր բարձրութեամբ ան քաղաքին ամէնէն բարձր կառոյցն է: Անիկա կը ծառայէ պատկերասփիւռային եւ ձայնասփիւռային ալիքներու սփռումի համար:

– Թանգարաններու կղզին: Սփրի գետով շրջապատուած թանգարաններու կղզիին վրայ կը գտնուին բազմաթիւ թանգարաններ եւ Պերլինի տաճարը:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել այն խաղալիքը, որ զոյգ մը ունի:
Կրնա՞ս գտնել այն խաղալիքը, որ զոյգ մը ունի
Կրնա՞ս գտնել խրախճանքի սեղանին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել խրախճանքի սեղանին հասցնող ճամբան:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս 1964)

Յաջորդը

Վահան Թոթովենց (1889-1937). Մեծ Եղեռնի Եւ Խորհրդային Աղէտի Մեծատաղանդ Վկան

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.