Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆեթհուլլահ Կիւլէնին Մա՞յրն Ալ Հայ Կամ Հրեայ Էր

July 18, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Ենի աքիթ» թերթին մէջ ալ այս օրերուն կ՛արծարծուի հարց մը, որ հինէն ի վեր այս երկրին մէջ կը քննարկուի: Մէկու մը համար յանցա՞նք է հայ մօր մը զաւակը ըլլալը, զաւակը ի՞նչ յանցանք ունի, եթէ մայրը հայ է, կամ հրեայ, կամ վերջապէս ոչ թուրք: Հարցումը դարձեալ օրակարգի եկած է, այս անգամ «Ագիթ» թերթը թերեւս առաջին անգամ ըլլալով իր թղթակիցներէն մէկուն գրիչով կը յայտարարէ, թէ հայ մօր մը զաւակը ըլլալը յանցանք չէ: Դրական հաստատում մը ահաւասիկ, որ, դրական ըլլալով հանդերձ, ցաւ կը պատճառէ հայ ժողովուրդին:

Հարցը այս անգամ արծարծուեցաւ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն Հոճայի կապակցութեամբ: «Ենի ագիթ» թերթին մէջ հրատարակուեցաւ «Ռապինի որդին Ֆեթհուլլահ» խորագրեալ լրատուութիւն մը, ուր պնդուեցաւ, որ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն Սպանիայէն գաղթած Ռապին անուն հրեայ կնոջ մը որդին էր: Բայց, հակառակ անոր որ կը խօսուէր հրէական ծագումի մասին, այն տպաւորութիւնը կը ստացուէր, որ Կիւլէնի մայրը հայ էր: Շատեր այսպէս կը հասկնային:

«Ենի ագիթ»-ի մէջ հրատարակուած այս լրատուութեան դէմ բողոքեց դարձեալ նոյն թերթի աշխատակիցներէն Եավուզ Պահատըրօղլու: Պահատըրօղլուի առարկութիւնը հետեւեալն է` իր հիմնական գիծերուն մէջ.

«Բացէ ի բաց պէտք է ըսեմ, որ, ըստ իս, անխղճութիւն է ակնարկել, թէ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի մայրը հայ է եւ այս ենթադրութենէն մեկնելով կարգ մը պնդումներ յառաջ քշել: Նոյնիսկ եթէ այդպէս ըլլայ, ենթադրենք, որ մայրը հայ, յոյն կամ հրեայ է, իրաւունք ունի՞նք այս պատճառով նուաստացնելու մարդիկը: Կարգ մը օսմանցի սուլթաններ, որոնց անունները երախտագիտութեամբ կը նշենք, ոչ իսլամ կիներու որդիներ չէի՞ն: Ինչո՞ւ նուաստացումի պատճառ դառնայ հայ կնոջ մը զաւակը ըլլալը, նոյնիսկ հայ ըլլալը: Ես այս ցեղապաշտ մերձեցումը չեմ կրնար իւրացնել»:

Լաւ, բայց ուրկէ՞ ելած էր այն պնդումը, թէ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն Ռապին անուն հրեայ կնոջ մը զաւակն էր: Ըստ «Ենի ագիթ» թերթին մէջ հրատարակուած լրատուութեան, Կիւլէն 1986 թուականին իշխանութիւններու դիմած էր անցագիր ստանալու համար: Անցագիրի իր դիմումնագիրին մէջ գրած էր, որ 5 տարուան համար զբօսաշրջական անցագիր մը կը խնդրէր: Դիմումնագիրին մէջ գրած էր, որ իր արհեստը տպագրութիւն է, հայրը Ռամիզ կը կոչուի, իսկ մայրը Ռապին: Մինչդեռ Կիւլէնին մօրը անունը մինչ այդ միշտ գործածուած էր որպէս «Ռեֆիա»: Ռապինը, թէեւ Սպանիայէն գաղթած հրեայ  կնոջ անուն ըլլալ կը թելադրէր, բայց ատոր մէջ ոմանք կը տեսնէին հայ ըլլալու ակնարկութիւն:

Կը պնդուէր, որ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն իր մօրը անունը Ռապին ցոյց տուած էր պարզապէս անցագիրի ստացումը դիւրացնելու համար: Մասնագէտները դիտել կու տան, որ անցագրային գրասենեակներու մէջ մեքենագրութեան սխալ չի պատահիր, ուստի հոս սխալ չկայ, Ռապին գրուած է, եւ թէ ինչո՞ւ Ռապին գրուած է, այդ մասին միայն ինքը` Ֆեթհուլլահ Կիւլէնն է, որ կրնայ բացատրութիւն տալ:

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Այս բոլորին հետեւանքը միշտ նոյնն է: Այսինքն հետեւանքն այն է, որ այս երկրին մէջ մէկու մը գլխուն գործ կը բացուի, եթէ յանկարծ յայտնի դառնայ, որ այդ անձին մայրը հայ էր: Ատենօք այս երկրին մէջ մէկու մը գլխուն գործ բանալու համար կը բաւէր անոր մասին ըսել, թէ «քոմունիսթ» է (համայնավար): Բայց համայնավար ըլլալու չափ վտանգաւոր հարց կամ յանցագործութիւն էր նաեւ այս երկրին մէջ հայ ըլլալը, կամ աւելի ճիշդ` հայկական ծագում ունենալը:

Այսօր այլեւս ոչ մէկուն վնաս կրնաք հասցնել պնդելով, որ ան համայնավար է: Բայց երկրորդը կը շարունակուի: Մէկու մը գլխուն այսօր ալ գործ կը բացուի, եթէ յանկարծ աջէն կամ ձախէն պնդուի, թէ անոր մայրը հայ էր: Պահատըրօղլուի նմանները կրնան հարց տալ, թէ հայ ըլլալը ինչո՞ւ յանցանք կը նկատուի, բայց այս բարեացակամ հարցումն իսկ ունի հայերու համար նեղացուցիչ կամ նուաստացուցիչ շեշտ մը:

Նախորդը

Մուսա Լերան Վաքըֆ Գիւղին Կ՛անդրադառնայ Թրքական Թերթը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Փոքրամասնութիւններուն Երկու Միլիառ Տոլարի Կալուա՞ծ Վերադարձուած Է

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.