Պայէրն Միւնիխի պատուոյ նախագահ Ֆրանց Պեքընպաուըր նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին հաստատեց, որ խումբի միջնապահ Թոնի Քրոս պիտի տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ:
«Ցաւալի է, որ ակումբը պիտի կորսնցնէ Քրոսի նման լաւ ֆութպոլիստ մը: Բայց եւ այնպէս կը հասկնամ, որ այն փորձը, որ ան կրնայ ստանալ Ռէալ Մատրիտէն, անգնահատելի է անոր համար», Պեքընպաուըրի խօսքերը կը մէջբերէ ArmSport.am` օգտագործելով «Մարքա»-ին հրապարակած մէկ լուրը:


