Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճշդումի Պահանջով

July 14, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Վերջերս, «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ պատահաբար կարդացի Յարութ Սասունեանի յօդուածը` «Մահացած է ՄԱԿ-ի` Հայոց ցեղասպանութիւնը հաստատող զեկոյցին հեղինակը» խորագրով (ուրբաթ, յունիս 27, 2014):

Յօդուածը կը վերաբերէր բրիտանացի փորձագէտ Պենճըմին Ուիթեքըրի մահուան: Ուիթեքըր ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբի Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի յատուկ զեկուցաբերն էր:

1974-էն մինչեւ 80-ականներու կէսերը, ՄԱԿ-ի այս ենթայանձնախումբին մէջ օրակարգի, քննարկումի եւ քաղաքական պայքարի հիմնական հարցը Հայոց ցեղասպանութեան պարագան էր, որ առաջին զեկուցաբեր Նիքոտեմ Ռուհաշիանքիքոյի տեղեկագրին մէջ յստակօրէն նշուած էր:

Այդ օրերուն, բնականաբար, Թուրքիա ձեռնածալ չէր մնացած այս զարգացումներուն ի տես եւ իր կարգին կ՛աշխատէր Հայոց ցեղասպանութեան նշումին առնչուող պարբերութիւնը դուրս հանել տալ զեկուցումէն, եւ որոշ հանգրուանի մը մեզի համար աննպաստ զարգացումներ արձանագրուեցան այս իմաստով: Սասունեան կ՛ըսէ. «Թրքական ճնշումներուն հակազդելու համար խումբ մը հայեր (ընդգծումը մեզմէ, Վ. Բ.), որոնց մէջ էր նաեւ տողերուս հեղինակը, 1978 թուականին յաջողեցան խափանել զեկոյցը ՄԱԿ-ի ենթայանձնաժողովին մէջ, երբ հանուած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին յիշատակումը»:

Այդ տասնամեակի սփիւռքահայ ու յատկապէս դաշնակցական մամուլը հարուստ է այս զարգացումներուն մասին մանրամասն լրատուութիւններով ու մեկնաբանութիւններով: Նոյն այդ մամուլը նաեւ բաւական հարուստ է սփիւռքի զանազան կեդրոններու մէջ ժողովրդային կամ այլ զօրաշարժերու մասին արձագանգներով:

Սասունեան նաեւ ամփոփ պատմականը կը կատարէ Ժընեւի մէջ այդ տարիներուն ՄԱԿ-ի քուլիսներէն ներս թէ դուրս մղուած «կերիլլայական» այն պայքարին, որ քաղաքական առումով նպաստաւոր դիրքեր ապահովեց հայութեան ու մեր Դատին: Այս առումով, յօդուածը դրական թելադրականութիւն ունի:

Սակայն յօդուածին ներքին տրամաբանութիւնը այն է, որ թրքական նշեալ ճնշումներուն հակազդած ու ՄԱԿ-ի մէջ այս պայքարը յաջողութեամբ մղած են յօդուածագիրը, իբրեւ ամերիկացի բնիկ կարմրամորթներու հասարակական կազմակերպութեան մը կողմէ վարձուած իրաւաբան եւ… «խումբ մը հայեր», անանուն, անդէմ, անծանօթ: Այսինքն` խումբ մը սրտցաւ հայ անհատներ:

Տարբեր խօսքով, ՄԱԿ-ի նման միջազգային կարեւոր կազմակերպութեան մը մէջ քաղաքական պայքար մղուած է ի նպաստ մեր Դատին` առանց հայ քաղաքական միտքի մասնակցութեան, առանց հայկական քաղաքականօրէն կազմակերպ մասնակցութեան:  Սասունեանի յօդուածով այն յստակ տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ գործը տարուած է պարզապէս «խումբ մը հայեր»-ու կողմէ: Որո՞ւ խելքին կը պառկի նման բան:

Սա արդէն կրկնակիօրէն մոլորեցնող եւ շփոթեցնող խնդիր է, յատկապէս անոր համար, որ յօդուածը լոյս տեսած է նաեւ դաշնակցական թերթի մը մէջ (ցարդ առնուազն մէկ):

Այս շփոթը պէտք է փարատի: Յօդուածագիր Սասունեան եւ այս յօդուածին տեղ տուող թերթ(եր)ը պարտաւորութեան տակ են այս շփոթը փարատելու եւ անհրաժեշտ ճշդում(ներ)ը կատարելու:

Լոս Անճելըս
Յունիս 30, 2014

[email protected]

Նախորդը

Հող Չզիջելու Ժամանակը

Յաջորդը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Այսօր Կը Սկսի Թենիսի Տարեկան Բաց Մրցաշարքը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.