Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Top 10

July 12, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ժողովրդական երգերու աշխարհին մէջ ընդհանրապէս շաբաթը անգամ մը կը ներկայացուի առաջին տասնեակը ամէնէն շատ վաճառուած եւ ունկնդրուած երգերուն, որոնք կը նկատուին շաբթուան լաւագոյնները, եւ միջազգայնօրէն ընդունուած եզր մը կը գործածուի անոնց համար` TOP 10:

Հայաստանէն Civilnet.TV հաստատութիւնն ալ youtube-ի ճամբով շրջանառութեան դրած է առաջին տասնեակի անուններն ու նկարները Ազգային ժողովի այն պատգամաւորներուն, որոնք տարեկան իրենց եկամուտով ամէնէն բարձր դիրքերուն վրայ կը գտնուին, այսինքն` ըստ Civilnet.TV-ի` կը կազմեն Ազգային ժողովի TOP 10-ի ցուցակը:

Աւելորդ յոգնութիւն է առանձին-առանձին մեզի անծանօթ մարդոց անուններուն եւ եկամուտներուն արձանագրութիւնը: Բայց աւելորդ չէ եւ կ՛արժէ ընդգծել, որ անոնցմէ փոքրագոյնին տարեկան եկամուտը եղած է 2,900,000 տոլար: Առիւծներու այս տասնեակին մէջ տորքանգեղեան անբեկանելի մրցանիշը կը պատկանի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հիմնադիր-նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին, որուն տարեկան եկամուտը կազմած է 135,000,000 (հարիւր երեսուն հինգ միլիոն) տոլար:

Յովիկ Աբրահամեան հազիւ վարչապետ նշանակուած` հանդիպում մը ունեցաւ երկրի «խոշոր գործարարներու»ն հետ: Հայրենի մամուլին հետեւողները մեզի պէս զարմանքով կարդացած պէտք է ըլլան, որ Հայաստանի «խոշոր գործարարներուն» 90 տոկոսը կը բաղկանայ (եղեր)… Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն:

Ի դէպ, վարչապետը TOP տասնեակին մէջ չըլլալով հանդերձ, «խոշոր գործարարներ»-էն մէկն է, հակառակ անոր որ սկզբունքով գործարարութիւն չէ եղած իր ասպարէզը, այլ ի սկզբանէ վարած է պետական պաշտօններ: Իր կնոջ` Ջուլիեթա Աբրահամեանին եկամուտը, սակայն, կազմած է 3,600,000 տոլար:

Հապա՞: Պատգամաւորներու կիներն ալ ունին առաջնութեան տասնեակը` TOP 10-ը, որուն մրցանիշը կը պատկանի պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանի կողակիցին` Շողեր Մկրտչեանին: Տարեկան եկամո՞ւտը` 27,400,000 տոլար: Արդարութիւն ըրած ըլլալու համար ըսենք, որ կիներուն մէջ տասնեակի ամէնէն համեստը գործող նախագահինն է, Ռիթա Սարգսեանին, որ TOP 10-ին տասներորդն է, վերջինը` տարեկան 259,000 տոլարով:

Թոյլատրելի է ենթադրել տակաւին, որ պաշտօնապէս յայտարարագրուած վերոգրեալ թիւերէն անդին` ծածկուած գումարներ անպայման կ՛ըլլան երկիրի մը մէջ, ուր պաշտօնի շահագործումը եւ համատարած խաթարուածութիւնը (կոռուպցիա) այնքան դիւրութիւններ կ՛ընձեռեն շատ բաներ քողարկելու համար:

Գլխապտոյտ պատճառող միլիոններու այս պարը անկասկած արդիւնք է շարժուն ու անշարժ եկամտաբեր հսկայ հարստութեանց: Պատգամաւորները իրենք, իրենց հետ Աստուած եւ… Հայաստանի քաղաքացիները գիտեն, թէ գործարարական ինչպիսի «տաղանդ»-ով եւ շուկայական ի՜նչ ձեռներէց «հնարքներով» յաջողած են անոնք աստղաբաշխական հարստութեանց տիրանալ, անկախութեան յարաբերաբար կարճ ժամանակի մէջ:

Պատգամաւորներու ազնուափայլ տիկիններն ալ երես դարձնելով «փափկասուն» կեանքին` ոգի ի բռին նետուած են շուկայական չարքաշ ասպարէզ եւ անդուլ պայքարով տնտեսական աննախընթաց մրցանիշներ արձանագրած…

Իսկ մեզի պէս միամիտներ անմեղօրէն կը զարմանան ու հարց կու տան, թէ արագօրէն հարստանալու ենթահող ունեցող երկիրի մը մէջ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ քաղաքացիներ անգործ կը մնան եւ աղքատութեան տուայտանքէն ազատելու համար կը դիմեն արտագաղթի փրկութեան…

Ահաւասիկ այս օրէնսդիրներն են, որոնք պիտի կառուցեն ու ամրապնդեն իրաւական պետութիւն եւ պիտի պայքարին… կոռուպցիայի դէմ…

Եւ ըսել, որ Հայաստանի օրէնքը յստակօրէն անհամապատասխան կը հռչակէ գործարարութիւնը պատգամաւորի հանգամանքին հետ: Այսինքն օրէնքի տառով իսկ պատգամաւորներուն արգիլուած է գործարարութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Էրեբունիի Ողբերգութիւնը

Յաջորդը

Մտորումներ Նահատակութեան 25-Ամեակ. Դէպի Հայութիւն Ճախրող Հեքիաթային Տղուն Կարօտով (Կարօ Գաբլանեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.