ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Անցնող երկու օրերու լրատուութեան վրայ հիմնուելով կարելի է ենթադրել, որ Իրաքի իշխանութիւնները կը փորձեն միջազգային ընտանիքին կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական միջամտութիւն մը ապահովել: Այդ նպատակին իրագործման համար անոնք ներկայացուցած են շարք մը հիմնաւորումներ:
«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ Իրաքի դեսպան Մոհամետ Ալի Հաքիմ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ուղղուած նամակի մը մէջ նշած է, որ ինքնահռչակ Իսլամական պետութեան զինեալները գրաւած են քիմիական զէնքի պատրաստութեան փակ գործարան մը, ուր կը պահուին մարտագլխիկներով հրթիռներու մասեր, որոնք կը պարունակեն սարին եւ այլ քիմիական թունաւոր նիւթեր: Մէկ օր ետք «Ռոյթըրզ» իր կարգին հաղորդեց, որ դեսպանը նամակին մէջ նշած է, որ զինեալները Մուսուլի համալսարանէն գրաւած են հիւլէական նիւթեր, որոնք կրնան օգտագործուիլ զանգուածային քանդումի զէնք արտադրելու համար: Այս տեղեկութիւնները կը միտին լուրջ մտավախութիւն ստեղծել միջազգային հանրութեան մօտ, մանաւանդ որ իսլամական զինեալները Իրաքէն գրաւած են «Սքոտ» տիպի հեռահար հրթիռներ եւ զանոնք Ռաքքայի մէջ տողանցքի մը ընթացքին ցուցադրած յաչս աշխարհի: Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի, իրաքեան իշխանութիւնները վերոնշեալ նամակին ճամբով նաեւ օգնութիւն խնդրած են` կանխարգիլելու համար Իրաքի եւ արտասահմանի մէջ ահաբեկիչներու կողմէ հիւլէական նիւթերու օգտագործումը:
Ներկայացուած թղթածրարը ամբողջական է եւ կը բովանդակէ զինուորական միջամտութեան մը հիմնաւորման ենթահող պատրաստող բոլոր այն կէտերը, որ ատենօք ամերիկեան վարչակազմին կողմէ օգտագործուած էին Իրաք ներխուժման համար. «վատ» մարդոց ձեռքը կը գտնուին քիմիական ու հիւլէական նիւթեր եւ այդ նիւթերը պարունակող մարտագլխիկներով զինուելու կարող հեռահար հրթիռներ: Այս պարագային գոյութիւն ունի նաեւ նշեալ երկրին գերիշխանութեան արգելքը շրջանցել արտօնող եւ այդ յարձակումին միջազգային օրէնքի հիմամբ օրինականութիւն ապահովող, իրաքեան իշխանութեանց կողմէ պաշտօնական դիմում մը:
Գոյութիւն ունի այլ արգելք մը. արեւմտեան մեծ տէրութիւնները Իրաքի մէջ ազգային միութեան կառավարութեան կազմութիւնն ու վարչապետ Նուրի Մալիքիի հեռացումը կը պահանջեն: Այդ նախապայմանները չեն ապահովուած, ուստի իրաքեան իշխանութեանց ներկայացուցած վերոնշեալ հիմնաւորումները արեւմտեան պետութեանց կողմէ հարցականի տակ կ՛առնուին, սակայն կտրուկ կերպով չեն մերժուիր: Անոնք մէկ կողմէ կը նշեն, որ քիմիական զէնքերու պահեստանոց եղող գործարանին մէջ գտնուող հրթիռները օգտագործելի չեն, սակայն միւս կողմէ գիտեն, որ ՏԱՀԵՇ հեռահար հրթիռներ ունի: Անոնք իրաքեան իշխանութեանց փաստերը առարկելու ընթացքին կ՛օգտագործեն այնպիսի եզրեր, որոնք երբ ժամանակը գայ, կրնան դիւրին կերպով «բարեփոխել»: Այսպէս` անոնք կը յայտարարեն, որ Մուսուլի համալսարանէն գրաւուած իւրանիոմը հարստացուած չէ, հետեւաբար զէնք արտադրելու համար զայն օգտագործելը դժուար է, այլ խօսքով` ոչ անկարելի:
Միջազգային միջամտութիւն մը կատարելու ենթահողը ուրուագծուած է, սակայն քաղաքական պայմանները տակաւին չեն ամբողջացած:


