Սիրելի՛ ընթերցող, անկասկած քու կեանքիդ մէջ ալ պատահած են եւ կը պատահին դէպքեր ու դէմքեր, որոնք ձգած են իրենց դրական կամ ժխտական ազդեցութիւնը:
Այսպիսի դէպքեր ու դէմքեր անպակաս եղան նաեւ Յիսուսի հրապարակային կեանքէն: Անոնցմէ կ՛ուզեմ յիշել եւ յիշեցնել «Մեծահարուստ երիտասարդը» կամ «Հարուստ իշխանը» խորագրուած դրուագը, որ ցնցիչ եղաւ թէ՛ ենթակային եւ թէ՛ Քրիստոսի շրջանակին համար:
Այսօր ալ կը մնայ խլրտող ազդեցութեամբ, մանաւանդ երբ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը լսէ Յիսուսի` «բարի Վարդապետին» այս պատասխանը, զոր լսեց Աստուծոյ բոլոր պատուիրանները իր մանկութենէն պահած ու գործադրած երիտասարդը. «Մէկ բան կը պակսի քեզի: Գնա՛, ծախէ՛ բոլոր ինչքերդ, բաժնէ՛ աղքատներուն եւ երկնքին մէջ գանձ պիտի ունենաս: Ապա եկո՛ւր եւ հետեւէ՛ ինծի» (Մրկ. 10,21):
Իմ քահանայագործ կեանքիս մէջ ալ դիպած են ու կը դիպին նման դրուագներ: Վերի պատահարին մասին ամէն ընթերցումիս` իմ յիշողութեանս մէջ կը վերապրին դէպքը եւ դէմքն այն հայ երիտասարդին, որուն յուսահատ աղաղակն էր գրութեանս վերտառութիւնը:
Այո՛, կը վարանիմ պատմել, բայց հաստատ համոզումս, թէ իր անհուն սիրով Աստուած մի՛շտ ներկայ է, ներշնչող է ու յա՜ր գործող է մեր կեանքին մէջ, կը չէզոքացնէ ամէն վարանում:
Պուրճ Համուտ, 1996-ի նոյեմբերի սկիզբն էր: Երեկոյեան ժամը 8:30-ին իմ աննման համակարգիչիս առջեւ նստած էի «Ս. Փրկիչ» ժողովրդապետութեան գրասենեակիս մէջ, երբ յանկարծակի հնչեց քահանայատան դրան զանգը…: Անակնկալի եկայ, քանի ոչ միայն ժամադրութիւն չէի տուած մէկու մը, այլ նաեւ այդ պահուն պէտք էր գացած ըլլայի այցելութեան ընտանիքի մը, որմէ հեռաձայնով ներողութիւն խնդրած էի չգալուս…:
Հարցումիս` ներքին հեռաձայնով ստացայ հետեւեալ պատասխանը. «Վարդապետին հետ խօսիլ կ՛ուզեմ, շատ կարեւոր է…»: Անմիջապէս վար իջայ: Դուռը բանալով` տեսայ միջահասակ երիտասարդ մը, որուն կերպարանքը դեղնահար եղած էր եւ տխրայոյզ աչքերը` խորացած: Ամբողջ մարմնով կը դողար®
– Հրամմէ՛, տղաս, ի՞նչ կը փափաքիս, ես եմ վարդապետը:
– Վարդապե՛տ, ինքզինքս պիտի սպաննեմ այս գիշեր…
Պատասխանէն յանկարծակի եկած` լայնաժպիտ, չըսելու համար ծիծաղաշարժ շեշտով կամ աւելի ճիշդ` կատակախառն երանգով մը հարցուցի դիմացինիս. «Ինքզի՞նքդ պիտի սպաննես…: Լա՛ւ: Եկո՛ւր, ելլե՛նք տանիք, ուրկէ վար նետուելով` կրնաս իրագործել մտադրածդ…»:
Ամբողջովին դողդողացող երիտասարդը առաջնորդեցի գրասենեակս, ուր մէկուկէս ժամ նստանք` քիթ-քիթի խօսակցելով: Աւելի խօսողն ան էր, որ բացաւ սիրտը լալո՜վ…:
Հայ պարմանուհին, որուն հետ չորս տարի մնացած էր մաքրութեամբ ու հաւատարմութեամբ, լքած էր զինք քանի մը ամիս առաջ, երբ անոր առաջարկած էր ամուսնութիւն…: Առանց յուսալքուելու` շաբաթներ հետապնդած էր իր սիրապաշտածը, որ ամէն անգամ կը տեսնէր ուրիշի կամ նոր մէկու մը հետ…:
Իր սէրն արհամարհուած եւ սիրտը խորտակուած` ա՛լ որոշած էր խօսիլ օրիորդին հետ, կարծելով, որ պիտի կարենար համոզել զայն` ետ կենալու այս անբարոյ ընթացքէն եւ վերադառնալու իրեն…:
Այսօր Արաքս փողոցին վրայ տեսած էր աղջիկը երկու-երեք տղաներու հետ: Համարձակած էր մօտենալ եւ խօսիլ օրիորդին, որ, իր կարգին, ծանր նախատինքներով վռնտած էր զինք…: Ասոր վրայ, աշխարհը փուլ եկած էր գլխուն…: Ամէն բան սեւցած էր…: Կեանքն անապրելի դարձած էր այլեւս…: Ա՛լ չէր արժեր շարունակել…:
Պուրճ Համուտի թաղերը շրջագայելէն յոգնած եւ կսկիծէն ցնորած` միտքը դրած էր անձնասպան ըլլալ…: Սակայն նախ ուզած էր տեսնել հոգեւորական մը, նոյնիսկ` առանց ըմբռնելու կամ իմանալու իր այս ուզելուն պատճառը…:
Համբերութեամբ ու հետաքրքրուածութեամբ մտիկ ըրի իմ հերոսիս, քանի ուզեցի անոր սրտին պարպումը եւ անոր պրկումին քակումը…: Ամէն ինչ լսելէս եւ Մարիամ Սիրամօր միջնորդութեամբ Ս. Հոգիին լոյսը խնդրելէս ետք, պատասխանեցի անոր բոլոր կէտերուն: Խոստովանելու եմ, որ մտադրածէս աւելի դպայ անոր արժանապատուութեան` զայն արթնցնելու բարի դիտաւորութեամբս. «Դուն խե՞նթ ես, որ կ՛ուզես կեանքիդ վերջ դնել «չարժեմ»ի մը համար…»:
Աստուածաշունչէն մէջբերած խօսքեր ու քահանայագործ կեանքէս դրուագներ կրցան կամաց-կամաց, բայց ապահով կերպով վերադարձնել ժպիտը իմ հերոսիս, այնքա՜ն, որ վերջաւորութեան համոզուած շեշտով կրկնեց իմ համոզումս. «Աստուծոյ տուած կեանքը շատ գեղեցիկ է: Ափսո՛ս է ասոր կամ անոր համար զայն վերջացնել բռնութեամբ կամ անձնասպանութեամբ»:
– Հիմա, բարեկա՛մ, պիտի ելլենք տանիք, ուրկէ ինքզինքդ վար պիտի նետես…
– Ինչո՞ւ, Վարդապե՛տ, ես խե՞նթ եմ, որ անձնասպան ըլլամ «չարժեմ»ի մը համար…
Հրաժեշտի պահուն համբուրեցի ցնծութիւնը վերագտած հերոսիս կարմրախայտ դէմքը, իսկ ան պաչեց իմ ձեռքս…: Խոստացանք տեսնուիլ ապագային: Փոխանակեցինք մեր այցետոմսերը:
Մինչ Տիրան դուրս կ՛ելլէր, աչքերս ուղղելով քրիստոսակիր Աստուածամօր եւ անոնց առջեւ ծնրադիր Ս. Ռիթայի նկարին (գործ` Մ. Ասլանեանի)` սկսայ աղօթել վարդարանը, բայց ոչ միայն մեր երիտասարդին, այլ նաեւ` անծանօթ հայ պարմանուհիին համար…:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 3 յուլիս 2011


