Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Լոս Անճելըսի Հիւպատոսը Գանգատեցաւ Հայկական Լոպիներէ. Հայերը Կը Նախանձին Ազրպէյճանի Յաջողութիւններուն

July 9, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

0907_nasimi_agayevԱզրպէյճանի Լոս Անճելըսի աւագ հիւպատոսը` Նասիմի Ակայեւ, յայտնեց, թէ Ազրպէյճան ծրագրած է Քալիֆորնիոյ մէջ ներկայացուցչութիւն մը բանալ, բայց միւս կողմէ` կը նկատէ, որ հայկական լոպին Ազրպէյճանի` Ամերիկայի մէջ ունեցած ազդու ներկայութենէն եւ յաջողութիւններէն նախանձիլ սկսած է: Ակայեւ այս առիթով շեշտեց, որ Քալիֆորնիոյ մէջ կը բնակին մօտաւորապէս մէկ միլիոն հայեր, որոնք հայկական սփիւռքին քաղաքական, տնտեսական եւ վարչական կեանքին մէջ ունին ազդու դեր:

Ակայեւ յիշեցուց, որ Քալիֆորնիոյ 1983-1991 թուականներու նահանգապետը հայ մը եղած է: Այսօր Քալիֆորնիոյ նահանգային քոնկրեսին մէջ երկու, Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդին մէջ մէկ հայ անդամներ կը պաշտօնավարեն: Հայեր նահանգի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ ալ վարչական մակարդակներու վրայ կարեւոր դիրքեր կը գրաւեն:

Այս իրողութիւնները շեշտելէ ետք, Ակայեւ անդրադարձաւ հայկական լոպիին կողմէ իրենց դէմ շղթայազերծուած թշնամական գործունէութիւններուն: Ըսաւ, որ դաշնակցականները տեւաբար կը շարունակեն Ազրպէյճանի դէմ արգելիչ գործունէութիւններ ցոյց տալ: «Պէտք է ըսեմ, որ անոնք Ազրպէյճանի յաջողութիւններուն կը նախանձին: Դաշնակցական խմբակներ բազմաթիւ անգամներ մեր կազմակերպած գործունէութիւնները արգիլել ջանացին: Օրինակ` 2012-ին ՆԱՍԱ-ի կողմէ առանց նաւուղիի ընթացող անջրպետանաւուն մէջ Ազրպէյճան ուզեց իր աւանդական «Մուկամի» երաժշտութիւնը տեղաւորել, բայց ատիկա հայերու արգելքին բախեցաւ: Ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի ՈՒՔԼԱ համալսարանին կողմէ, հայերու բուռն հակազդեցութեան թիրախ դարձաւ: Հայեր երբ չկարողացան իրենց փափաքը իրականացնել, այս անգամ ալ քարոզչական ցոյց ըրին», ըսաւ Ակայեւ: Ապա ան թուեց այն բոլոր արգելքները, որոնք ազրպէյճանցիներու դէմ կը կանգնեցուին Քալիֆորնիոյ մէջ: Ըսաւ, որ հայեր յունուարին Ազրպէյճանի դէմ Քալիֆորնիոյ նահանգային քոնկրեսին օրինագիծ մը ներկայացուցին: Հայկական լոպին այս օրինագծի վաւերացումին համար ամէն ինչ ըրաւ: Ազրպէյճան ալ իր կարգին բուռն բողոք ներկայացուց եւ այս օրինագծին դէմ հակաքարոզչական շարժում ստեղծեց:

Ակայեւ յայտնեց նաեւ, թէ հայկական արմատական հիմնարկութիւններ հայերէ դրամ կը հաւաքեն Հայաստանի ի նպաստ: «Անոնք դրամահաւաք իրենց ձեռնարկները կը  ներկայացնեն որպէս մահու-կենաց խնդիր: Ատկէ զատ, հեռատեսիլներէն ալ նուիրատուութիւններ հաւաքելու արշաւներ կը կազմակերպեն Հայաստանին օգնելու նպատակով: Միայն թէ այդ դրամին մեծ մասը Հայաստանի կառավարիչներու ապօրինութեան շրջանակին մէջ կը կորսուի: Կառավարութեան մէջ պաշտօն ունեցող անձերը «միաձայնութեամբ» կ՛իւրացնեն այդ դրամները: Ասիկա երկար ատենէ ի վեր կը շարունակուի: Ասոր ամէնէն մեծ վնասն ալ կը կրեն ամերիկահայերն ու Հայաստանի աղքատ ժողովուրդը», ըսաւ Ակայեւ:

Նախորդը

Պելկէ Հրատարակչատունը Լոյս Ընծայեց «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ Մէջ. Վերապրողներու Վկայութիւններ» Հատորը

Յաջորդը

Ո՞ւմ Ջրաղացին Է Ջուր Լցնում Գեղամեանը Պաքւում

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.