Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար, անդրադառնալով Քոլոմպիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի ճակատումին, կ՛ըսէ, որ իր կազմը այս մրցումին կը մօտենայ պատասխանատուութեամբ:
«Մենք մեր սեփական յարկին տակ կը խաղանք եւ պէտք է յաղթենք ամէն գնով: Ես պարտութեան մասին երբեք չեմ մտածեր, բայց անոր կը մօտենամ պատասխանատուութեամբ: Կ՛երազեմ աշխարհի ախոյեան դառնալու մասին: Պիտի ընենք այն, ինչ որ մեր ուժերուն սահմաններուն մէջ է, եւ անոնք պարզապէս խօսքեր չեն միայն», ըսած է Նէյմար` «Սքայ Նիուզ»-ին իր տուած հարցազրոյցին մէջ:


