Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՏՈՆՆԱ ՌՈԶԱ ԷԼ ՍԱԼՎԱՏՈՐ. ՄՕՐԱՔՈՅՐԸ ՊՐԱԶԻԼԷՆ` ԿՐԿԻՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ» ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

July 9, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1 յուլիսէն սկսեալ ամէն ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի օրերը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կը ներկայացուի «Տոննա Ռոզա Էլ Սալվատոր. մօրաքոյրը Պրազիլէն` կրկին Պէյրութի մէջ» կատակերգութիւնը` բեմադրութեամբ եւ գլխաւոր դերակատարութեամբ Յարութ Շեքերճեանի:

«Տեսիլք» թատերական ընկերութեան կողմէ բեմ բարձրացող այս կատակերգութեան ընթացքին կը ներկայացուին մեր առօրեան յուզող հարցեր ու դժուարութիւններ` երգիծական ոճով, ինչպէս նաեւ դէպքերու զուգադիպութեամբ ծնունդ կ՛առնեն տարբեր կացութիւններ, պատկերներ, որոնք հաճելի տրամադրութիւն կը ստեղծեն հանդիսատեսներուն մօտ` զանոնք դուրս բերելով իրենց օրուան միօրինակութենէն:

Տոննա Ռոզան, որ նախորդ տարի եւս կատակերգական ներկայացման մը հերոսն էր, խորքին մէջ սովորական երիտասարդ մըն է, ընթացիկ կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւող, սակայն պայմաններու բերումով կը ստիպուի իգական սեռի պատկանողի կերպարին մէջ մտնել:

Պրազիլէն եկող Տոննա Ռոզան մարմնաւորող Յարութ Շեքերճեան վարպետօրէն հանդէս եկաւ իր դերին մէջ` ամէն մանրամասնութիւն եւ արտայայտչական նրբութիւն նկատի առնելով:

Կատակերգութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Փոլ Մինասեան, Յակոբ Ճերեճեան, Դուին Պետրոսեան, Ազիկ Չերչեան եւ Անդրանիկ Տիշոյեան:

Նշենք, որ ներկայացումները կը շարունակուին մինչեւ 31 յուլիս 2011:

 

Նախորդը

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ` ՍՈՒՐԻՈՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ «ՇՈՒՐՈՒՖԱԹ» ԵՐԿՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ՅՈՒԼԻՍԻ ԹԻՒԻ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ՍՓԻՒՌՔԻ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ՀԻՄՆԱՐԿ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.