
Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 144-րդ դիրքը գրաւող աւստրալիացի Նիքու Քիրիոս ստեղծեց մեծագոյն անակնկալը, երբ 6-7, 7-5, 6-7 եւ 3-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց աշխարհի թիւ 1 դասուած մարզիկը` սպանացի Ռաֆայէլ Նատալը:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ եւ 58 վայրկեան:


