Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Նոր Իրականութիւն Մը, Նոր Իրաք Մը

July 2, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

0207vahoԻրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (ՏԱՀԵՇ) խմբաւորման Իրաքի մէջ արձանագրած զինուորական յաջողութիւններէն ետք, բազմաթիւ արեւմտեան ղեկավարներ զգուշացուցին, որ Իրաք կը դիմագրաւէ գոյութենական վտանգ մը: Հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական ինքնավար մարզի ղեկավար Մասուտ Պարզանի իր կարգին յայտարարեց, որ կը գտնուինք նոր իրականութեան մը եւ նոր Իրաքի մը դէմ յանդիման, եւ քիւրտերը իրենց ինքնավար շրջանին անկախութեան շուրջ հանրաքուէ պիտի կատարեն:

Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան փոխնախագահ Հիւսէյն Չելիք յայտնեց, որ Իրաքի մասնատումը անխուսափելի է, իսկ հիւսիսային Իրաքի անկախութեան վերաբերեալ իր երկրին կեցուածքը փոխուած է: Միացեալ  Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին անկախ քրտական պետութեան մը կազմութիւնը Թուրքիոյ համար պատուար նկատեց ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն, սակայն միեւնոյն ժամանակ քիւրտերուն յորդորեց իրաքեան նոր կառավարութեան մը մաս կազմելու:

Այս բոլոր յայտարարութիւնները Իրաքի շիի իշխանութեանց վրայ ճնշում բանեցնելու համար են եւ ճշդում առաւելագոյն պահանջներու, որոնցմէ որոշ նահանջ կարելի պիտի ըլլայ կատարել` իրաքեան նոր տարազի մը ձեւաւորման  բանակցութեանց ընթացքին:

ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքբերումները, իսլամական պետութիւնն ու խալիֆայութիւնը ժամանակաւոր երեւոյթներ են. ո՛չ ոք, ո՛չ իսկ Քայիտան, նշեալ խմբաւորման գոյատեւումին ու ծրագիրին կ՛աջակցի: ՏԱՀԵՇ պարզապէս կը շահագործուի Իրաքի շիիներուն, մասնաւորաբար վարչապետ Նուրի Մալիքիի վրայ ճնշում բանեցնելու եւ նոր Իրաք մը ստեղծելու համար, եւ երբ այդ ճնշամիջոցին գործը աւարտի, խմբաւորումը հաւանաբար «կծկուած» վիճակի մէջ պիտի պահպանուի` հետագային այլ բեմերու վրայ դեր ստանձնելու համար:

Շրջանային երկիրներէն ոչ ոք կ՛ուզէ Իրաքի մասնատումը: Անոնք նոյնիսկ դաշնակցային դրութեան մը որդեգրումին կ՛ընդդիմանային` զայն նկատելով մասնատման նախերգանքը, սակայն ՏԱՀԵՇ-ի «համոզիչ» ազդակը այդ դրութիւնը աւելի ընդունելի կը դարձնէ: Շնորհիւ ՏԱՀԵՇ-ի` շրջանային սիւննի երկիրները Իրաքի մէջ դաշնակցային պետութիւն մը կը սկսին չարեաց փոքրագոյնը նկատել, մանաւանդ որ անիկա Իրաքի սիւննիները «կը փրկէ» «շիի» կեդրոնական իշխանութեան վերահսկողութենէն: Այդ ծրագիրը իրագործելու համար նախ եւ առաջ պէտք է պարտութեան մատնել ՏԱՀԵՇ-ը, բան մը, որ կարելի չէ առանց իրաքցի սիւննիներուն օժանդակութեան, որոնք բնականաբար ձրի ծառայութիւն պիտի չմատուցեն: Այսպիսի դիպաշարի մը պարագային քիւրտերը իրենց կարգին պիտի ստիպուին անկախութեան հռչակման գաղափարէն զիջիլ, որուն իբրեւ փոխհատուցում պիտի պահեն փեշմերկաներու կողմէ վերջերս գրաւուած միջյարանուանական կռուախնձոր Քերքուքը:

Այս բոլորին մէջ մեծագոյն վնաս կրողները պիտի ըլլան թիւրքմենները, որոնց մեծ մասը կը բնակի Թելաֆարի եւ Քերքուքի մէջ, եւ այսպիսի դասաւորման մը պարագային պիտի բաժնուին քրտական եւ սիւննիական քանթոններուն միջեւ: Իսկ այս մեծ խաղին մէջ մանրուք եղող քրիստոնեանե՞րը` անոնց յոյսը ոչ թէ իրաւունքն է, այլ` ողորմութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը:

 

Նախորդը

Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Հալէպի Մէջ Ջուրի Տագնապը Մէկ Ամիսէ Ի Վեր Տակաւին Կը Մնայ Անլուծելի. Հայկական Կեդրոններ Կը Շարունակեն Ջրամատակարարման Ծառայութիւն Կատարել

Յաջորդը

Տահեշ Պատանդ Թուրք Վարորդները Ազատ Արձակելու Համար Իւրաքանչիւր Բեռնակառքին Համար 50 Հազար Տոլար Կը Պահանջէ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.