Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաւութեան Կնիքով Ղեկավարներու Ծնունդը Ընթացքի՞ Մէջ Է

July 2, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Որքա՜ն պիտի ուզէի աղքատ եկեղեցի
մը, եւ աղքատներուն համար»:
«Երբ ուտելիքներ կը թափենք, այդ այնպէս է,
որ կարծէք աղքատի սեղանէն,
անկէ, որ անօթի է, ուտելիք կը գողնանք»:
Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանչեսքօ
(Ճշմարիտ)… «աղքատները անոնք են, որոնք շատի պէտք
ունին, որովհետեւ ոչինչ կրնայ զիրենք բաւարարել»:

Ժոզէ Միւժիքա, Ուրուկուէյի նախագահ

 

Խորագիրը յոյսի հարցում է: Մէջբերումները` «տիսերթացիա»-ի նիւթ` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

0207_PopeՊատմութեան ընթացքին յայտնուած են արտակարգ դէմքեր, որոնք ունեցած են առաքինի օրինակի արժէք, («առաքինի»-ն միշտ կ’ուզեմ ըմբռնել հռոմէացիներու հոգեկան ուժի, virtus-ի իմաստով) նոյնիսկ երբ համամարդկային ճանաչում չեն ունեցած: Անոնք կը կոչուին` Սոկրատ, Կալիլէ, Մահաթմա Կանտի, Նելսըն Մանտելա, որոնք ճշմարտութեան եւ իրաւունքին սպասարկած են անանձնական եղանակով:

Մեր փոքրիկ ժողովուրդն ալ ունեցած է նման օրինակելի դէմքեր, որոնք իրենց անձէն անդին ապրած են` մարդը եւ մարդկութիւնը գերադասելով անմիջականին, ժամանակաւորին եւ անցողիկին: Անոնք եղած են ֆետայիներ, քաղաքական առաքինի գործիչներ, հաւաքական շահերը գերադասած են անձնականին եւ հանգիստին: Օր մը պէտք է խօսիլ նաեւ անոնց մասին` կողմնապաշտութիւնները գերանցելով:

Pope-Francis-005Մեր օրերուն, եւ ոչ պատմութեան մշուշէն յայտնուելով, ժամանակակից երկու դէմքեր առաքինի օրինակի մարմնացում կը հանդիսանան մեր անմիջական ներկային մէջ: Բոլոր քաղաքացիները եւ ժողովուրդներու առաջնորդութեան կոչուածներ, մեծեր եւ նուազ մեծեր, իրենց շրջապատին եւ մարդկութեան մեծագոյն բարիքը կը բերեն` հետեւելով Հռոմի սրբազան ներկայ քահանայապետ Ֆրանչեսքոյի եւ հեռաւոր Հարաւային Ամերիկայի Ուրուկուէյ երկրի նախագահ Ժոզէ «Փեփէ» Միւժիքայի օրինակին:

Այդ արտակարգ օրինակներուն մասին կը գրեն եւ կը խօսին լրատուամիջոցները: Անոնց պատկերը ոչ ճոխութիւն է, ո՛չ ռմբահարում է, եւ մեր հետաքրքրութիւնը չի շարժեր: Ծանօթանալէ ետք անոնց, մենք մեզի եթէ շնորհենք մտածելու եւ գնահատելու ժամանակ եւ ողջախոհութիւն, տարբեր երկիրներու բնակիչներ (եւ տարբեր երկինքներու տակ ապրող քաղաքացիներ), թերեւս կը կարողանանք վերաբերում ճշդել մեր շրջապատին եւ մեր ճակատագիրը տնօրինող զանազան մակարդակի ղեկավարներուն նկատմամբ` մերժելով վատութեամբ դրոշմուած կրաւորականութիւնը:

Մեր անմիջական ներկային մէջ, Հռոմի Քահանայապետը չի բնակիր պապական յարկաբաժիններուն մէջ եւ կը վարէ պարզ կղերականի կեանք, կը յարգէ եկեղեցականի աղքատ ապրելու ուխտը: Ան մերժած է իր տեղափոխութիւններուն համար օգտագործել զրահապատ «Փափամոպիլ»-ը` առանց վախնալու ահաբեկչական գործողութիւններէ, յայտնելով, որ պաշտպանելիք ոչինչ ունի:

Ուրիշներ, եւ անոնք եզակի եւ փոքրաթիւ չեն, կը տեղափոխուին «թիկնապահներ»-ու ջոկատներով, ինչ որ կը թուի ըլլալ իրենց կարեւորութեան արտաքին նշանը: Հռոմի քահանայապետին մեծութիւնը եւ կարեւորութիւնը չեն չափուիր ո՛չ իր շքեղ բնակարանով, ո՛չ իր թիկնապահներով եւ ո՛չ ալ «Փափամոպիլ»-ով: Ան միայն կրօնական հեղինակութիւն չէ, ան պետն է նաեւ Վատիկան փոքր բայց հզօր պետութեան:

Ճիշդ է, որ սրբազան պապը բարոյական հեղինակութիւն է: Բայց միայն սքեմը չէ, որ կը շնորհէ հեղինակութիւնը:

Ուրուկուէյի նախագահ Ժոզէ «Փեփէ» Միւժիքայի օրինակը, որուն մասին ըսուածը լսած ենք որպէս հետաքրքրաշարժ տեղեկութիւն եւ ապա` մոռցած:

Ուրուկուէյը քաղաքացիական պատերազմ տեսած է, զինուորական վարչակարգ, եւ երկրի այդ անցեալը այդքան ալ հին պատմութիւն չէ:

155434_10152569920974078_7475698490064620856_nԺոզէ «Փեփէ» Միւժիքա Ուրուկուէյի նախագահ ընտրուած է 2010-ին: Տասնհինգ տարի բանտ մնացած է, ամբողջական մեկուսացման մէջ, դիմադրած ըլլալով զինուորական բռնատիրութեան: Պայծառ անձնաւորութիւն մը, որ չէ ուզած բնակիլ նախագահական ապարանքին մէջ, հոն ապաստան տուած է անտուն եւ աներդիք թշուառներու: Ինք կը նախընտրէ բնակիլ իր խաղաղ ագարակին մէջ, մայրաքաղաքէն կէս ժամ հեռու, հրաժարելով պետական ապարանքի ճոխութենէն: Այս ղեկավարը փողկապ չի գործածեր, միջազգային հանդիպումներու կը մասնակցի իր հին ու մաշած կօշիկները հագած, կը վարէ նուազագոյնով գոհացողի կեանք մը: Եւրոպական պերճ հագուստ-կապուստի վաճառատուներու յաճախորդ չէ, ինչպէս որ կ’ըլլան չտեսները եւ նորահարուստները: Այս «նախագահ»-ը վանական չէ, ան իր ներշնչումը կը գտնէ հին իմաստուններու ուսուցման մէջ, օրինակ` Սենեկայի, զոր յաճախ կը մէջբերէ, եւ ըստ այդ ուսուցման, ճշմարիտ «աղքատները անոնք են, որոնք շատի պէտք ունին, որովհետեւ ոչինչ կրնայ զիրենք բաւարարել»:

President-Jose-MujicaՄեր դարու այս «իրաւ» մարդը, լքելէ ետք նախագահական ապարանքը, կը բնակի իր կնոջ ագարակին մէջ, իր աշխատավարձին իննսուն տոկոսը կը բաժնէ կարիքաւորներու եւ մարդասիրական կազակերպութիւններու, իրեն կը մնայ ուրուկուէյցի համեստ քաղաքացիի մը եկամուտը` 609 եւրօ, շուրջ 800 տոլար (բաղդատել  ուրիշներու տեսանելի եւ նուազ տեսանելի եկամուտներուն): Որպէս ինքնաշարժ` ունի 1987 տարուան կրիայի նմանող «վոլքզվակըն» մը… Կրկին բաղդատել:

Ֆրանսացին կ’ըսէ «բաղդատելին պէտք է բաղդատել»: Բաղդատելէ ետք քաջութիւն պէտք է այդ ըսելու:

Մտածենք Ժոզէ Միւժիքայի հետ. «Զիս կը կոչեն աշխարհի ամէնէն աղքատ նախագահը, բայց ես ինքզինքս աղքատ չեմ զգար: Աղքատները անոնք են, որոնք կ’աշխատին միայն հոգալու համար իրենց ծախսալից կեանքի ոճը, եւ որոնք միշտ աւելին կը ցանկան»…

Աշխարհի բոլոր երկիրներու հին ու ներկայ ղեկավարները, ոչ միայն թագաւորները եւ նախագահները, ի բաց առեալ քանի մը դէմքերէ, ինքնագիտակցութեան պահու մը կրնա՞ն իրենք զիրենք բաղդատել այս Ժոզէ «Փեփէ» Միւժիքային, երկու միլիառ քրիստոնեաներու առաջնորդ սրբազան պապին` հրաժարելով իրենց թիկնապահներէն, ապարանքներէն, պերճանքէն:

Լաւ կ’ըլլայ, որ երբեմն յիշեն այծի կաթով ապրող եւ տարրական հանդերձանք ունեցող մեծն Մահաթմա Կանտին, որ երբ խօսէր, ութ հարիւր միլիոն ժողովուրդ իրեն կը հետեւէր` փոխանակ անձնատուր ըլլալու խարդախութիւններու, դաւերու, վարժուեցանք ըսել` «կոռուպցիա»:

Եթէ հայկական հրապարակին վրայ գործող մեծ ու պզտիկ ղեկավարները, առաջին կարգով ճամբորդողները, «ժաքուզիով» պանդոկ ուզողները, Ֆրանչեսքօ պապի, Կանտիի եւ Ժոզէ «Փեփէ» Միւժիքայի օրինակին հետեւէին, ըսէին, որ իսկական աղքատ են, երբ շատի պահանջ ունին եւ երբեք այդ պահանջի բաւարարման պիտի չձգտին, իշխանութիւնը կը դառնայ հեղինակութիւն, «քարիզմ», բարիք: Տարբերութիւն եւ ընդդիմութիւն թշնամութիւն չեն ըլլար, այլ` նմանին հանդէպ ծառայութիւն:

Ինչ կը վերաբերի մեր «պզտիկ ածու»-ին, կարելի կ’ըլլա՞յ Հայաստան հրաւիրել եւ լսել Ժոզէ «Փեփէ» Միւժիքան, մանաւանդ որ Ուրուկուէյի մէջ ունինք հայկական համայնք:

Կամ` Ֆրանչեսքօ պապը, որ առանց թիկնապահի պտտի Երեւանի փողոցներուն մէջ…

Արգիլուած չէ երազել:

 

 

22 յունիս 2014, Պիքֆայա

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Կարդալով Քրիստինէ Կանաչեանի «Անմոռանալի Յուշերը»

Յաջորդը

Տի Մարիա Որոշեց Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.