Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասորի Եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. Պատրիարք Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

July 1, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3006Patr-Afram2Շաբաթ, 28 յունիս 2014-ի առաւօտեան, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք Աֆրամ Բ. պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անթիլիասի մայրավանք եւ հանդիպում մը ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

Վեհափառ հայրապետը ողջունելէ ետք նորընտիր պատրիարքը անոր հետ ուղղուեցաւ Մայր տաճար, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք` մասնակցութեամբ երկու հոգեւոր պետերուն ու անոնց ընկերակցող եպիսկոպոսներուն:

Ապա, վեհարանի դահլիճին մէջ վեհափառ հայրապետը ողջունելով ասորի պատրիարքին այցելութիւնը ըսաւ. «Ամէն անգամ որ մեր երկու եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը կամ ներկայացուցիչները հանդիպին իրարու, բնական մղումով կը յիշենք պատմական կապերը հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն միջեւ: Այսօր անհրաժեշտ է, որ դարերու վրայ տարածուած մեր սերտ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը եւ մանաւանդ` հաւատքի միութիւնը գործնական արտայայտութիւն գտնէ թէ՛ մեր եկեղեցիներուն եւ թէ ընդհանրապէս ժողովուրդի մակարդակին վրայ»: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ յատկապէս ծանրացաւ Միջին Արեւելքի վրայ, ուր քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւնները կը ստիպեն, որ եկեղեցիներու գործակցութիւնը դառնայ աւելի աշխուժ ու կազմակերպ: Իր խօսքի աւարտին վեհափառը հայկական ոճով պատրաստուած պանակ մը նուիրեց պատրիարքին:

Իր կարգին խօսք առնելով` պատրիարքը յիշեց հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց աւանդութիւնները եւ շեշտեց ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Վեհարանին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը ի պատիւ նորընտիր պատրիարքին պաշտօնական ճաշկերոյթ մը սարքեց:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը

Յաջորդը

Լիթուանիա 2015-ին Պիտի Միանայ Եւրոյի Գօտիին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.