Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դիւցազնական Ուրֆան Եւ Իր Հայորդիները» – Նոր Հրատարակութիւն

July 1, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0107_UrfaՅունիս ամսուան սկիզբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ յուշամատեաններու վեցերորդ հատորը` «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները»:

Ինչպէս յայտնի է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբ ու հետեւողութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի տպարանէն կը շարունակուին լոյս տեսնել Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ ամբողջ տարածքին գտնուող եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութեան աշխատանքները:

Վերջին տարիներուն արտասահմանի մէջ հրատարակուած գրքերու շարքին կարեւոր տեղ կը գրաւեն յուշապատումները:

Պատմական ազգագրական խնդիրներու զարգացման համար այնքան թանկագին այս հրատարակութիւններու շարքին, ահա կու գայ աւելնալու նաեւ Ուրֆայի պատմութեան նուիրուած գիրք մը:

Մերձաւոր Արեւելքի այս պատմական քաղաքը հռչակաւոր եղած է թէ՛ իր անցեալով եւ թէ՛ իր հայկականութեամբ: Ուրֆան նաեւ եղած է քրիստոնէութեան առաջին օրրանը: Աբգար Ե.-ի եւ Ս. Դաստարակի աւանդութեան ընդմէջէն` իբրեւ պատմական իրողութիւն կը ներկայանայ Քրիստոսի առաքեալներէն Ս. Թադէոսի Ուրֆա այցելութիւնը եւ այնտեղ աշխարհի հնագոյն եկեղեցիին հիմնադրութիւնը` անոր իսկ ձեռքով:

Ինչպէս այս գիրքին պատմական բաժինը ցոյց կու տայ, հայ եկեղեցականութեան մեծագոյն դէմքերը, Խորենացիէն մինչեւ Շնորհալի, Ուրֆայէն քաղած են իրենց գործերու համար անհրաժեշտ ատաղձը: Ուրֆան հռչակաւոր եղած է նաեւ իր աստուածաբանական դպրոցով: Ահաւասիկ` լիարժէք եւ պատմութեան էջերուն զարկ տուող զնգուն Ուրֆան:

Խմբագրական կազմը կարգով դասաւորած է այն բոլոր պատմական դէմքերը, որոնք Ուրֆայի ծնունդ ըլլալով` հին օրերէն մինչեւ 15-րդ դար ծառայած են մեր ժողովուրդին ու դարձած` համազգային արժէք:

Անթիլիասի տպարանէն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի տրուին, «Պատմագիրք Կիւրինի», «Վասպուրական», «Մարաշ կամ Գերմանիկ» յուշամատեանները:

 

Նախորդը

Զարուկը

Յաջորդը

1915 Թուականին Քրտերն Էլ Են Իւրացրել Հայերի Ունեցուածքը. Հաթիփ Տիճլէ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.