Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

July 9, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կապի Մանուկեան շարքային արուեստասէր եւ կամ հաւաքորդ մը չէ, այլ ունի արուեստագէտի խառնուածք, իւրայատուկ ճաշակ եւ յաճախ քաջալերած է նաեւ օժտուած արուեստագէտները: Ան ստորեւ տրուած նամակին մէջ կը մատնանշէ երեւոյթ մը, որ ներշնչման եւ կամ փոխազդեցութիւններու հարց չէ, այլ ոճային կերպարներու, գոյներու եւ առհասարակ յօրինումներու նմանութիւնները այնքան բացայայտ են ու յստակ, կարծէք թէ նոյն հեղինակը երփնագրած է ատոնք: Պէտք է նկատի առնենք նաեւ, որ «թիւրիմացութեան» մը հետեւանք կրնայ ըլլալ այս երեւոյթը: Բոլոր պարագաներուն, մենք եւս մեր հերթին եզրակացութիւնը կը վստահինք ընթերցողին դատողութեան:

 

Յարգելի խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի

Տիգրան Պետրոսեան, «Տօն», 2009

Մանկութենէս նկարչութիւնը սիրած եմ եւ երիտասարդ տարիքէս սկսած եմ արուեստի գործեր հաւաքել, որուն համար ոչ միայն չեմ զղջար, այլ, ընդհակառա՛կը, շատ գոհ եմ եւ ուրիշներու ալ նոյնը պիտի թելադրէի: Սակայն խոստովանիմ, որ արուեստի գործ հաւաքելը եւս իր խոչընդոտներն ու անպատեհութիւնները ունի, եւ ես բազմիցս դժուարութիւններու կը հանդիպիմ: Դիւրին ալ չէ ընտրել որակաւոր արուեստի գործեր, որոնք թէ՛ գեղեցիկ ըլլան, տանդ մէջ վայելես, եւ թէ՛ ապագային արժեւորուին: Ինչպէս բոլոր արուեստի գործ հաւաքողները` ես եւս երբեմն սխալներ գործած եմ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ ընդօրինակութինը  բաւական  զարգացած ու տարածուած է այսօր, եւ` ոչ միայն Լիբանանի ու Հայաստանի մէջ, այլ` առհասարակ աշխարհի մէջ:

Սակայն գրելուս դրդապատճառը  այսօր այս չէ, այլ` այն երեւոյթները, որոնց մասին, չես գիտեր, խօսիս թէ ոչ:

Վ. Աֆանեսովի գործը

Տարիներ առաջ ես գնած էի հինգ նկարներ, որոնց հեղինակը Վ. Աֆանեսով: Յանկարծ, շաբաթներ առաջ կը հանդիպիմ գրեթէ նոյն ոճին, նոյն կերպարներուն եւ նոյն մթնոլորտը ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ ցուցադրուած այլ նկարներու, որոնց տակ գրուած է Տիգրան Պետրոսեան: Ստուգումներէ ի յայտ կու գայ, որ 2009-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպած մէկ պատկերագիրքին` «Ծնունդդ շնորհաւոր, Երեւան»ին մէջ, այլ գեղանկարներու կարգին, տպուած է նաեւ նմանօրինակ նկար մը, որուն հեղինակն է Տիգրան Գագիկի Պետրոսեան:

Փաստօրէն իմ տրամադրութեանս տակ եղած հինգ նկարները, որոնց հեղինակն է Վ. Աֆանեսով, ձեռք բերած եմ համեմատաբար շատ աժան գիներով, եւ` նախքան մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպած ցուցահանդէսը:  Չեմ հասկնար` իմ տրամադրութեանս տակ եղածները ի՞նչ կապ ունին:

Նմանութիւնը այնքան յստակ է, որ կարծէք նոյն հեղինակը իրագործած է զանոնք: Յստակ է, որ մէկը միւսէն առած է: Կա՛մ ուքրանացին հայէն եւ կա՛մ ալ հայը ուքրանացիէն: Տրուած ըլլալով, որ նկարներուն մէջ հայկական մշակոյթի հետքեր գրեթէ կը բացակային, հաւանական է, որ հայը ուքրանացիէն օգտուած է: Երկու պարագային ալ երեւոյթը բացայայտ է եւ տհաճ:

Սակայն բոլոր պարագաներուն մենք չենք ուզեր եզրակացնել, այլ  իւրաքանչիւրէն պատկեր  կը ղրկենք ձեզի` արտատպելու համար, թող ընթերցողը ինք կողմնորոշուի:

Յարգանքներով`
ԿԱՊԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Նախորդը

ՎԿԱՅԱՐԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդը

ՓՈԼ ՊԱՂՏԱՏԼԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.