Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանի «Շուշի» Պարախումբի Անդրանիկ Ելոյթը

June 30, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2706shoushiՈւրբաթ, 27 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբի անդրանիկ ելոյթը` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, արուեստասէրներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ մեսրոպեանականներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, ելոյթը սկսաւ «Սասնայ պար»-ի կատարումով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Աւօ Գարաքէշիշեան: Ան նշեց, որ Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակը հանդիսացած է նորանոր իրագործումներու եւ ձեռքբերումներու հանգրուան մը, եւ «Շուշի» պարախումբի այս անդրանիկ ելոյթը կու գայ աւելցնելու յաջողութիւններուն վրայ նոր նուաճում մը:

Ապա ելոյթ ունեցան պարախումբի հինգ խումբերը` փոքրերու եւ միջակներու խումբեր, «Տանս Տը Սալոն»-ի փոքրերու եւ մեծերու խումբեր եւ նախկին սաներէ կազմուած խումբ մը: «Շուշի» պարախումբի պարուսոյցներն են Սարին Արթինեան-Տեմիրճեան եւ Սարին Պողչալեան:

Մասնակիցները շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին պարեցին հայկական, լիբանանեան եւ այլ պարեր: Իւրայատուկ էր ելոյթին այլազանութիւնը պարատեսակներուն` ազգագրական, տապքէ, սալսա, թանկօ, չաչա, ռումպա: «Շուշի» պարախումբի 80 անդամները իրենց որակաւոր կատարումներով արժանացան ներկաներու գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն: Ելոյթի գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ պարային միացեալ կատարումով:

Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ վարժարանի պարախումբի անդրանիկ ելոյթէն կը բացակայի պարախումբի հիմնադիր Յարութ Գարաճեանը, որուն ջանքերուն շնորհիւ ստեղծուած էր պարախումբը:

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը մեծապէս արժեւորեց գործունէութիւնը երկու պարուսոյցներուն, որոնք հետեւողականութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կատարած են իրենց վստահուած պարտականութիւնը: Գալուստ հաստատեց, որ այս ելոյթը լաւագոյն ապացոյցն է հաստատելու, որ Մեսրոպեան վարժարանը արժանի է 75-ամեայ պատմութիւն ունենալու եւ պարտաստ է երթը շարունակելու դէպի հարիւրամեակ:

 

Նախորդը

2014-ի Մոնտիալ. Հիւրընկալ Երկիրը` Պրազիլ Փենալթիներով (3-2) Դժուարութեամբ Յաղթեց Չիլիի. Հոլանտա Մրցումին Կորսուած Վայրկեաններուն… Յաղթական

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.