
«Ֆութպոլ Իթալիա» կայքին համաձայն, շատ հաւանաբար Ճափոնի խումբի մարզիչ Ալպերթօ Զաքերոնի նշանակուի Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, այսպիսով յաջորդելով Չեզարէ Փրանտելլիին, որ ներկայացուց իր հրաժարականը` 2014-ի Մոնտիալին իր արձանագրած ոչ այդքան տպաւորիչ արդիւնքներուն պատճառով:
Նշենք, որ Փրանտելլիէն եւ Զաքերոնիէն բացի իրենց հրաժարականները ներկայացուցին նաեւ Իրանի եւ Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլի ազգային խումբերուն մարզիչները:
Զաքերոնի, իր հրաժարականը ներկայացուցած պահուն, յայտնեց, որ 2014-ի Մոնտիալին, Ճափոնի արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառը կը բեռցնէ իր ուսերուն վրայ:


