Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբեան. «Հակառակորդը Պիտի Ստանայ Արժանի Պատասխանը»

June 25, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մովսէս Յակոբեան
Մովսէս Յակոբեան

«Հակառակորդին կողմէ հետախուզական խումբերու ներթափանցման փորձերն ու բացարձակ նախայարձակումը այս տարի բաւական աճած են: Անոնց պատճառով ունեցած ենք կորուստներ», երէկ Վանաձորի մէջ պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան:

Նախարարը Վանաձոր եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու բանակի 104 լաւագոյն լոռեցի զինուորներու ծնողներուն, միաժամանակ յուշամետալներով ու պատուոյ գիրերով պարգեւատրեց ղարաբաղեան պատերազմի շարք  մը ազատամարտիկներ:

Անդրադառնալով շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող դէպքերուն` Յակոբեան ընդգծեց. «Հակառակ սահմանին վրայ հակառակորդին կողմէ ցուցաբերուած աշխուժութեան, զոհերու թիւը տարուէ տարի կը նուազի, իսկ հակառակորդը կը ստանայ արժանի պատասխան»:

«Ցաւօք, այդպիսի դէպքեր մենք կ՛ունենանք, բայց բանակը ստեղծուած է հայրենիքը պաշտպանելու համար: Հայ զինուորը սահմանին կանգնած է շատ պինդ ու վստահ: Որեւէ այդպիսի ոտնձգութիւն համարժէք խիստ պատասխան  պիտի ստանայ մեր զինուորին կողմէ: Վստահ եղէք, որ հակառակորդը որեւէ այդպիսի գործողութենէ ետք մեծ ափսոսանք պիտի ապրի», ըսաւ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարը:

Յակոբեան հետեւեալ ձեւով մեկնաբանեց շփման գիծի հակառակորդի աշխուժութեան երեւոյթը. «Քանի մը գործօններ կան: Առաջինը` Ազրպէյճան ամէն ձեւով կը փորձէ վնաս պատճառել հայ զինուորին եւ հայ ընտանիքին: Երկրորդը` կը փորձէ շանթաժի ենթարկել միջնորդ երկիրները, որոնք կը զբաղին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումով: Եւ երրորդ` կը մարզէ իր զօրքը, կը փորձէ բարձրացնել իր զօրքին մարտունակութիւնը եւ նաեւ յատուկ ներքաղաքական խնդիրներ կը լուծէ»:

Անդրադառնալով խաղաղ պայմաններու մէջ մահուան դէպքերուն` նախարարը միայն մէկ դէպք նշեց, որ կապուած էր զէնքի հետ անզգուշութեամբ վարուելու երեւոյթին: Մնացեալ բոլոր դէպքերուն զոհերը հակառակորդի գործողութիւններուն հետեւանքով եղած են:

Յակոբեան խուսափեցաւ պատասխանել «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, թէ արդեօք իրեն չի՞ մտահոգեր այն հանգամանքը, որ Ռուսիա Ազրպէյճանին  մեծ քանակութեամբ սպառազինութիւն կը վաճառէ: Ըսաւ` ինք միայն բանակի խնդիրներով կը զբաղի:

 

Նախորդը

Արժանթինի Հայ Համայնքը Ֆրանչիսկոս Պապէն Խնդրած Է Միջամտել Սուրիոյ Տագնապին

Յաջորդը

Սպանական Նաւարայի Ինքնավար Շրջանի Խորհրդարանը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։