Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶԴԱԿ»Ի ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՐԱԲԵՐԷՆԻ ԲԱԺԻՆԻ ՅՈՒԼԻՍԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

July 8, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»ի կայքէջի արաբերէնի բաժինը արդէն յուլիս ամսուան յատուկ լուրերով եւ իրադարձութիւններով թարմացուած է: Հիմնական տեղեկատուութիւնն ու վերլուծական յօդուածները կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, Քազանի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին եւ անոր անդրադարձներուն, ինչպէս նաեւ այս հարցին առնչուող նորագոյն զարգացումներուն:

Զանազան լրատուամիջոցներու կողմէ տրուած լուրերու համադրումով անդրադարձ կը կատարուի այն իրողութեան, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բոլոր փորձերը ցարդ ինչո՞ւ ձախողած են, ո՞վ է պատասխանատուն եւ այլն:

Այս առիթով կայքէջին վրայ կը կարդանք նաեւ հարցազրոյց մը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ տարբեր նիւթերու կարգին յատուկ կերպով շեշտը կը դնէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուող բանակցութիւններուն ընթացքին զիջումներ կատարելու անպատրաստակամ ըլլալուն վրայ, յատկապէս եթէ Ազրպէյճան չ՛ուզեր իր կողմէ զիջում կատարել:

«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջին վրայ կը կարդանք ՀՅԴ 31-րդ Ընդհանուր ժողովին մասին, Ուղղափառ միջխորհրդարանական վեհաժողովի 18-րդ խորհրդաժողովին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի որդեգրման մասին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքին կեանքին` ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ լուրեր ու վերլուծումներ:

Տարբեր լուրերով լուսարձակի տակ կ՛առնուի նաեւ հայկական արմատներ ունեցող, սակայն տարբեր ինքնութիւն ապրելու ստիպողութեան տակ գտնուող հայերու պարագան, յատկապէս Թուրքիոյ մէջ ապրող` յիշելով այս մասին գրուած քանի մը գիրքեր, որոնց կարգին հիմնական տեղ կը գրաւէ Ֆեթհիէ Չեթինի «Մեծ մայրիկս» գիրքը: Օտար մամուլի անդրադարձն ալ արձանագրուած է հոս, յատկապէս այն իմաստով, որ ցեղասպանութիւնները չյիշելով, անոնց մասին չխօսելով առիթ կը տրուի, որ անոնք կրկնուին:

Գրական բաժինով անդրադարձ կատարուած է հայկական արմատներ ունեցող, Դամասկոսի մէջ ստեղծագործած նշանաւոր գրագէտ Էտիպ Իսհաքի կեանքին ու գործին:

 

 

 

Նախորդը

«ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է ԵՒ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ, ՔԱՆ ՈՐԵՒԷ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.