Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պապեան. «Ցեղասպանութեան Հարցի Լուծումը Կը Գտնուի Իրաւական Դաշտին Մէջ»

June 24, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Babian_genocideԱնդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի նիստի ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի արտասանած խօսքին` թրքագէտ Անդրանիկ Իսպիրեան հայաստանեան panorama կայքէջին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի քայլը անակնկալ էր թրքական կողմի համար: Այս մասին կը վկայեն մինչեւ իսկ թրքական մամուլի զգացական արձագանգները: «Անակնկալ քայլ` Սերժ Սարգսեանէն», «Հայաստանը անակնկալ մատուցեց Թուրքիոյ» եւ նմանատիպ վերտառութեամբ հրապարակումներու մէջ թրքական մամուլը փաստեց, որ Թուրքիոյ ապագայ նախագահը յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մէջ»:

«Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը պարզորոշ կերպով շեշտեց, որ թուրք ժողովուրդի հանդէպ որեւէ թշնամութիւն չկայ: Փոխարէնը` գոյութիւն ունի խնդիրը լուծելու, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան բարոյական հետեւանքներու վերացման ուղղուած ջանքեր գործադրելու ցանկութիւն: Ըստ էութեան, ակնարկուեցաւ, որ թրքական կողմէն եւս նման ցանկութեան գոյութեան ամէնէն վառ ապացոյցը պիտի հանդիսանայ 2015-ի ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութիւնն ու գլուխ խոնարհումը: Ասիկայ Անգարայի կողմէ տասնէակ տարիներ վարուող ժխտողական քաղաքականութենէն հրաժարելու եւ այս ենթահողին վրայ ստեղծուած վարկը փոխելու լաւագոյն հնարաւորութիւնն է», ըսաւ Ա. Իսպիրեան:

Ըստ անոր, նախագահի արտասանած խօսքը «արժանի պատասխան էր» թրքական, այսպէս կոչուած, «նախաձեռնողական» քաղաքականութեան` մասնաւորաբար` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ապրիլքսաներեքեան ուղերձին:

«Ցեղասպանութեան հարցին մէջ թրքական արտաքին քաղաքականութեան հիմքը կը կազմէ ուրացումն ու կեղծիքի տարածումը: Էրտողանի վերջին ուղերձը ցոյց տուաւ, որ անոնք կրնան երթալ անակնկալ քայլերու` միեւնոյն ժամանակ չհեռանալով աւանդական քաղաքական ուղիէն: Կը կարծեմ, որ 2015 թուականի նախօրեակին որեւէ նմանատիպ քայլ անպայման պիտի ըլլայ», ըսած է Ա. Իսպիրեան:

Թրքագէտը սակայն չի կարծեր, որ Թուրքիոյ ապագայ նախագահը որոշում պիտի կայացնէ այցելել Ծիծեռնակաբերդ:

«Թուրքիոյ մէջ ներկայիս գոյութիւն ունեցող քաղաքական եւ հասարակական իրավիճակին մէջ դէպքերու նման զարգացում գրեթէ անհաւանական է: Թրքական հասարակութիւնը տակաւին պատրաստ չէ Ցեղասպանութեան հարցին մէջ կտրուկ շրջադարձերու: 80 տարիէ աւելի թրքական վարչակազմը զբաղած է կեղծիքի եւ հակահայկականութեան տարածմամբ եւ ոչ մէկ քաղաքական գործիչ չի կրնար մէկ անգամէն ետ կանգնիլ այդ ուղիէն: Սակայն Էրտողանի ուղերձը որոշակի կերպով կը նախապատրաստէ թրքական հասարակութեան յաջորդ համարձակ քայլը», նշեց Իսպիրեան:

«Մոտիւս վիվենտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեանի կարծիքով, Էրտողանի ուղերձէն ետք հայկական կողմի նմանատիպ քայլը ամբողջովին տրամաբանական էր:

«Գնդակը կը գտնուէր հայկական դաշտին մէջ եւ սպասելի էր, որ հայկական կողմը պէտք էր հանդէս գար որոշակի նախաձեռնութեամբ: Այս առումով, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ` Թուրքիոյ ապագայ նախագահին ուղղուած հրաւէրը բնական քայլ էր», ըսաւ Պապեան:

«Ինչ կը վերաբերի այս քայլի արդիւնքներուն, ապա չեմ կարծեր, որ Թուրքիոյ ապագայ նախագահը պիտի գայ Հայաստան: Ատիկա պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան ճանաչում, ինչ որ, բնականաբար, Անգարան ինքնիրեն չի կրնար արտօնել: Հաւանական է, որ Երեւան պիտի ժամանէ որոշ թրքական պատուիրակութիւն մը` առաւելագոյնը փոխնախարարի գլխաւորութեամբ, որ պիտի չայցելէ Ծիծեռնակաբերդ», աւելցուցած է ան:

«Մոտիւս վիվենտի» կեդրոնին ղեկավարը կը կարծէ, որ հարցին լուծումը կը գտնուի իրաւական դաշտի մէջ:

«Հարցը պէտք է տեղափոխուի իրաւական դաշտ: Իմ խորին համոզմամբ, պէտք է քննարկուին ոչ թէ Ցեղասպանութեան, այլ ատոր հետեւանքներու վերացման հարցերը: Ասիկա առաջին հերթին կ՛ենթադրէ Թուրքիոյ կողմէ հայկական պատմական հողերու ապաբռնագրաւում: Միայն իրաւական դաշտին մէջ մենք կրնանք լուծել մեր առջեւ դրուած խնդիրները», ըսած է Արա Պապեան:

 

Նախորդը

Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկները Համակարգող Պետական Յանձնաժողովի Խորհրդաժողովին Սեդա Խտըշեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

Վանի Մէջ Կը Շարունակուի Հայկական Եկեղեցիներու Եւ Գերեզմաններու Պղծումը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.